ՀՄԸՄի Լիբանանի Ներկայացուցչական 45րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ Ուրբաթ, 6 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող 10 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն: Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում, եղան առաջարկներ յառաջիկայի գործունէութեան համար:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որ գումարեց իր անդրանիկ նիստը Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբերին, իր նստավայրին մէջ, ներկայութեամբ Ներկայացուցչական ժողովի դիւանին եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանին:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով՝ Հրայր Խաչատուրեան՝ ատենապետ, Փաթիլ Եսայեան՝ ատենադպիր, Միսաք Գաւլաքեան՝ գանձապահ, Յակոբ Թերզեան, Վահրամ Պարսումեան, Վարուժ Պապիկեան, Քրիս Լիպարեան, Աշոտ Թասլաքեան, տոքթ. Յակոբ Մելէքեան, Սեւակ Աբրահամեան, Յակոբ Էքմէքճեան:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ