ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Շատեր կը դժգոհին առանձնութենէ: Ներկայ աշխարհը, որ կը կարծուէր թէ արհեստագիտութիւնը իր ընձեռած դիւրութիւններուն միջոցաւ մարդկութիւնը ամէն պահու իրարու քով բերելու հնարաւորութիւնը պիտի ստեղծէր, ձախողած կը համարուի՝ ընդհանուր առումով: Որովհետեւ արհեստագիտութեան առաջադրած ընկերային ցանցերու սրընթաց վազքը եթէ մէկ կողմէ, աշխարհը փոքրացնելով՝ իրարու միացուց, միւս կողմէ սակայն բաժնեց ու հեռացուց: Վաղուց «կորսուած» վաղեմի ծանօթներ գտնելու կամ «աշխարհի միւս ծայրը» գտնուող անծանօթին հետ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի մէջ ծանօթանալու «հրաշք»ին հակառակ, սակայն, նոյնիսկ խճողուած սրահի մը մէջ առանձնացած ու իր շրջապատէն կտրուած մարդու կարելի է հանդիպիլ ամէն ատեն:
Աշխարհի առօրեայ կեանքի այսքան «իրարանցումին» մէջ, երբ ամէն երկվայրկեան կարելի է «մէկու մը հանդիպիլ», դեռ կան շատե՜ր, որոնք կը դժգոհին առանձնութենէ: Ոմանց տարիքը բարձր ըլլալուն, յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ իրենց սերունդէն մարդ չէ՛ մնացած ալ, եւ առանձնութեան ու ներհայեցողական կեանք մը կը սկսին ապրելու ակամայ: Երբեմն անոնք պատահաբար կը յաջողին քանի մը երիտասարդներու հետ մտերմութիւն ստեղծել, ընկերանալ անոնց պտոյտներուն եւ հաւաքոյթներուն, սակայն շուտով կը տեսնեն, թէ տարիքային մեծ տարբերութիւնը նաեւ հետաքրքրութեանց տարբերութեան պատճառ կը դառնալ: Այդ լայն տարբերութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ անոնք երբեմն ծաղրի առարկայ դառնան կամ անզգալաբար հեռացուին երիտասարդներու շրջանակէն, ինչքան ալ «հոգիով երիտասարդ» ըլլան այդ ծերունիները: Անշուշտ այս հեռացումը ունի իր հիմնական առիթը՝ երբ տարեց մարդիկ, ըստ իրենց սովորութեան, անցեալը բազմիցս վերյիշելով, միեւնոյն յուշերը պատմած ըլլալնին մոռնալով, դարձեալ պատմելով, կը ձանձրացնեն իրենց երիտասարդ ունկնդիրները: Անոնցմէ շատեր չեն վարանիր յիշեցնելու պատմողին, թէ նոյն յուշը հազար անգամ լսած են եւ չեն փափաքիր անգամ մը եւս լսել: Իսկ ուրիշներ քաղաքավարութեան զոհ երթալով, համբերութեան ու անհամբերութեան միջեւ տեղ մը կը ծուարին, սպասելով բազմիցս լսուած պատմութեան աւարտին:
Գիտակից տարեցներ երբ իրենց նիւթերուն նկատմամբ երիտասարդներու զգալի ձանձրոյթին անդրադառնան, «ծերութիւնը լաւ բան չէ», խրատական-ինքնամխիթարական խօսքը կ՛արտասանեն գլխու ցաւագին շարժումով մը: Այդ խօսքին մէջ անշուշտ կայ ներքին ցաւը ծերութեան, ինչպէս նաեւ պատգամը՝ ուղղուած ունկնդրող երիտասարդութեան, թէ՝ հերթը իրենց ալ պիտի հասնի օր մը:
Վերոյիշեալ առանձնութեան տեսակները կեանքի բնախօսութեան հետ առնչուած են, ինչպէս կ՛երեւի, որովհետեւ ուղղակի տարիքի բարձրացումն է անոնց պատճառը: Սակայն կայ տակաւին կամաւոր առանձնութիւնը, որուն ենթակային կրօններ «մենակեաց» պատուանունը կու տան: Ասոնք բացառիկ անձնաւորութիւններ են, որոնք ճգնազգեաց կեանքով կրնան առանձին ապրիլ, ընտրելով անմարդաբնակ վայրեր՝ լեռներու կատարներ կամ հեռաւոր անապատներ: Այսպիսով անոնք աստուածամերձ ըլլալու սեփական փորձառութիւնը կը մշակեն հոգեկան եւ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ, որ եօթներորդ դարուն նաեւ վարակիչ դարձաւ մեր ազգին համար, երբ վանական դրութիւնը ծաղկեցաւ մեր հայրենի լեռներուն վրայ, ներգրաւելով վանականութեան ուխտ կատարող բազմաթիւ նորընծաներ:
Հոգեւորութեան իսկական եւ ներանձնական այս ըմբռնումէն շա՜տ հեռու է այն մօտեցումը, երբ ոմանք կը ջանան ուրիշներու մեկուսացման պատճառ դառնալ, կարծելով թէ իրենց կատարած բամբասանքով ու զրպարտութիւններով պիտի յաջողին առանձնութեան տուայտանքի ձորը գլորել իրենց զոհը, այնտեղ անոր հոգեբանական կործանումը կազմակերպելով: Եղեռական զաւեշտ մը, սակայն, ո՛չ այնքան զոհին համար, ինչքան ինք իր անձը շատ իմաստուն ձեւացնող թշուառականին համար, որուն վերցուցած իւրաքանչիւր քայլը ինքնին, տհաս երեխայի ոտքի շլմոր շարժումները կը յիշեցնէ մեզի:
Այս տեսակ զաւեշտախառն կտորներ գրող թատերագիրները շուտով իրենց աղքատամտութեամբ հանրածանօթ անձեր կը դառնան, եւ բեմադրութիւններու օրերուն, թատերասրահի բազկաթոռները հանդիսատեսի բացակայութեան դէմ բողոք կը ներկայացնեն կազմակերպիչ յանձնախումբին: Իւրաքանչիւր անձ ի՛ր կեանքին «թատրոնը» պիտի բեմադրէ աշխարհի մէջ: Ուրիշը իրաւասութիւն չունի՛ մեզի համար «թատրոն» գրելու կամ զայն բեմադրելու: Առանձնութեան վերաբերեալ «թատրոնը» ամէնէն իւրայատուկն է այս կեանքին մէջ, որուն վրայ միա՛յն տուեալ անձը իրաւասութիւն կ՛ունենայ մատիտ շարժելու, ուրիշ ո՛չ ոք: Այսինքն, մարդ ազատ է իր կեանքը առանձնութեան մէջ ապրելու կամ ոչ: Իսկ մէկուն առանձնացման մասին յերիւրածոյ ու ստապատում փաստարկումներ կատարելը միայն իմաստակութեան նշան պէտք է համարել:
Բայց ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կը ստեղծուի իսկակա՛ն առանձնութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Ահա հարցում մը, որ մտածել կու տայ վերեւը յիշուած բոլոր տեսակի առանձնութիւններէն տարբեր առանձնութեան մը մասին, որ մարդու ֆիզիքական մարմինը մարդկային այլ ֆիզիքական մարմիններէ հեռացնելով, անմարդաբնակ վայրեր տանելու ակնարկութիւն չէ:
Իսկական առանձնութիւնը կը ստեղծուի այն պահուն, երբ մարդ շրջապատուած ըլլայ թշնամիներով… Ասոր գործնական մէկ պատկերը կարելի է մտաբերել, երբ պատկերացնենք պատերազմի դաշտին վրայ գտնուող զինուոր մը, որ յանկարծ կը յայտնուի կիրճի մը մէջ, ուր իր բանակակիցներէն ոչ ոք կայ, այլ ընդհակառակը, թշնամի բանակի զինուորներուն ձայնը կը լսէ շատ մօտէն: Այդ զինուորը կը համարուի ամբողջութեամբ առանձին մնացած անձ, որ փրկուելու դոյզն յոյսն անգամ կը կորսնցնէ ակնթարթի մը մէջ: Ահա այսպիսի առանձնութեան մասին է խօսքը, երբ մարդ նոյնիսկ խճողուած ու «բարեկամներ»ու շրջանակին մէջ կրնայ մինակ զգալ, ապրելով իսկական առանձնութիւնը:
Ինքնադաստիարակութեան միջոցները լաւագոյն մխիթարութիւնը կը հանդիսանան նման առանձնութեան մէջ յայտնուող մարդուն, երբ ան կը փորձէ գձձութիւններէն վեր մնալ, ու իր զոյգ ականջները փակել ամէն տեսակ «աղմուկ»ի դիմաց: Իսկ կատարուող քննադատութիւններու ծանծաղամիտ ոգին շուտով կը բացայայտուի եւ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ հասկացողութիւն ունեցող մարդոց միտքին մէջ, ինչու չէ նաեւ իբրեւ ժպիտ կ՛ուրուագծուի գիտակիցներու դէմքին վրայ:
Իսկական այս առանձնութիւնը յաղթահարելի երեւոյթ է մարդկային մեր կեանքին մէջ: Ա՛յս է ահաւասիկ այս գրութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն քաջալերական գաղափարը, որ հասկցողի միտքին մէջ դառն ծիծաղ կ՛արթնցնէ ուրիշները առանձնացնել փորձող լեզուանի թատերագիրներու մկնախաղերուն ի տես:
Մարդ իր առանձնութեան մէջ առանձին չէ, որովհետեւ նախ Աստուած եւ ապա իր ներքին ինքնավստահ անձը ունի իր կողքին, որոնց զօրութիւնը կը տապալէ ամէն տեսակի ինքնահաւան եւ հզօրագոյն զէնքներով զինուած կարծեցեալ հակառակորդ: