ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը տապալելու համար իր գրաւը դրաւ «Իսլամական պետութեան» կարողութեան վրայ՝ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն մէկէ աւելի անգամ փորձեց վարչակարգեր փոխել, եւ մենք գիտենք, թէ որուն նպատակն է աշխարհի կայունութիւնը խաթարել»:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութեանց՝ միացեալ ցանկի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու: «Դամասկոսի կողմէ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ որեւէ քայլ հակադարձութեան կ՛արժանանայ ա՛յն ուժերուն կողմէ, որոնք քաոսի ծիրի ընդլայնումով հետաքրքրուած են», նշեց Զախարովա:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոս»չ հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներէն պահանջած են ընդարձակել Սուրիոյ «չափաւորական ընդդիմութեան» ցանկը՝ անոր մէջ ներառելով շարք մը իսլամական կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ «Ահրար Շամ» խմբաւորումը: