ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Տիգրանակերտի մէջ, դէպի Բիւրակն տանող մայրուղիին մօտերը, Նոյեմբեր 13ին տեղի ունեցաւ ականի մը պայթումը, որուն թիրախը թրքական զինուորական փոխադրակառք մըն էր։ Պայթումին հետեւանքով սպաննուեցան երկու թուրք զինուորներ:
Թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցը հաղորդած է, թէ ականը տեղադրուած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու կողմէ:
Նոյն օրը նաեւ, Վանի մէջ զինեալ բախումներ տեղի ունեցան քիւրտ զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ: Թրքական «Հապերթիւրք» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ թուրք ենթասպայ մը եւ վիրաւորուեցան երեք թուրք զինուորներ: Բախումը տեղի ունեցաւ Վանի Արճէշ գաւառին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.