Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներու համար հայկական առողջ ու դաստիարակիչ մթնոլորտ ստեղծող, իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ արժէքներով հպարտ ըլլալու մղող, հայրենիքի եւ սփիւռքահայ ուսանողին միջեւ սերտ ու անմիջական կապ հաստատելու միտող Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը այս տարի սկսաւ Շաբաթ, 11 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ եւ պիտի աւարտի 26 Յուլիսի առաւօտուն:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեանի եւ հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ՝ մեր ընթերցողներուն վերյիշեցնենք, որ արդէն 21րդ տարին ըլլալով կայացող Համազգայինի Ուսանողական մշակութային հաւաքը (ֆորումը) ի՞նչ նպատակով սկսած է, 20 տարի ետք տակաւին կը շարունակէ՞ այդ առաքելութիւնը:
ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Համազգայինի Ուսանողական մշակութային հաւաքը սկսած է 1995ին. սկիզբը Լիբանանի մէջ կը կայանար, սակայն աւելի ուշ պատասխանատուները զգացին, որ այս հաւաքը լիովին իր նպատակին ծառայեցնելու համար Լիբանանի մէջ սահմանափակումներ կան, ուստի շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ անիկա իրականանայ Հայաստանի մէջ: Արդէն 10 տարիներէ ի վեր հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Անոր նպատակն է Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներ համախմբել, անոնց միջեւ կապերու եւ բարեկամութիւններու հաստատման նպաստել, մանաւանդ որ այդ յարաբերութիւններու շարունակութեամբ կարելիութիւն կը ստեղծուի գաղութներուն միջեւ կապերու ամրապնդման:
Տարիներու ընթացքին ֆորումականներու միացեալ ճիգերով զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուած են ու կը կազմակերպուին զանազան գաղութներու մէջ, հաւաքի մասնակիցները կը սկսին իրենց գաղութներուն մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու, անոնք եւս Համազգայինին կը միանան ու այդ ճամբով կը ծառայեն մշակոյթին, եղած են նաեւ պարագաներ, երբ հաւաքի մասնակիցները իրենք կորիզ մը ստեղծած են այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր Համազգայինի միաւոր չկայ: Հիմնական նպատակը այդ ուսանողները իրենց արմատներուն մօտեցնելն է, որովհետեւ մասնակիցներուն մէկ մասը, մանաւանդ անոնք, որոնք Միջին Արեւելքէն չեն, երբեմն նոյնիսկ հայերէն չեն գիտեր, կը գիտակցին, որ իրենք հայ են, սակայն տարբեր պատճառներով հայկական դպրոց չեն գացած եւ իրենց լեզուն չեն սորված, ուստի անոնք աւելի ծարաւը ունին հայկական միջավայրի մէջ ըլլալու, հայրենիքը տեսնելու, ապրելու՝ անոր լաւ ու վատ կողմերով: Այս հաւաքը միայն զբօսաշրջութեան նախաձեռնութիւն մը չէ, ինչ որ ներկայիս սովորութիւն դարձած է ընել, այլ հաւաքը ունի հայրենիքի ճանաչողման միտում, այսինքն հաւաքին մասնակիցը հայրենիքը պէտք է ճանչնայ այնպէս, ինչպէս որ է՝ բոլոր իրականութիւններով եւ կողմերով: Այս նպատակով կը կազմակերպենք այնպիսի այցելութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք պարզ զբօսաշրջիկին համար մատչելի պիտի չըլլան, ինչպէս՝ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին հետ հանդիպում, Արցախի խորհրդարան, բանակային զօրամասեր այցելութիւններ, որոնք կ՛ըլլան յատուկ դասաւորումով: Ուսանողները կ՛այցելեն նաեւ Ծաղկաձորի «Հայաստան» ճամբար, ուր երեխաներուն հետ օրը կ՛անցընեն, կը տեսնեն, որ հայրենիքի մէջ եւս դժուարութիւններ դիմագրաւողներ կան, առկայ են զանազան մարտահրաւէրներ եւ այլն:
Համալսարան տրուած այցելութիւնները նոր դռներ կը բանան ուսանողներուն առջեւ, որոնք կը սկսին մտածելու իրենց ուսումը հայրենիքի մէջ շարունակելու մասին: Եղած են ուսանողներ, որոնք հաւաքէն անմիջապէս ետք Հայաստան փոխադրուած եւ հոն շարունակած են իրենց ուսումը: Այս հաւաքներուն ճամբով բարեկամութիւններէն անդին՝ նաեւ հաստատուած են լուրջ յարաբերութիւններ, կնքուած են ամուսնութիւններ՝ կազմելով հայ ընտանիքներ:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախորդ տարուան ֆորումը յատկանշական եղաւ, որովհետեւ կը զուգադիպէր հաւաքի 20ամեակին: Խնդրեմ՝ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնանք անոր:
ԱՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Հաւաքին մասնակիցները երկու շաբաթ կ՛անցընեն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ապա կրկին կը վերադառնան իրենց երկիրները, սակայն այդ երկու շաբաթները անոնց կեանքին մէջ որեւէ երկու շաբաթուան չեն նմանիր, որովհետեւ այդ օրերը ուրոյն դրոշմ մը կը ձգեն մասնակիցներուն վրայ: Փաստ է, որ նախորդ երկու տարիներու հաւաքին մասնակցած անձերուն միջեւ կապը այնքան ամուր եւ սերտ եղած է, հայրենիքի նկատմամբ սէրն ու կառչածութիւնը այնքան մեծ եղած է, որ իրենք անձնական նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին եւ կը համախմբուին հայրենիքի մէջ: Նախորդ տարի երեք տարբեր տարիներու ֆորումականներ համախմբուած էին հայրենիքի մէջ, այս տարի եւս նոյն նախաձեռնութեամբ համախմբում մը տեղի պիտի ունենայ, տակաւին կան տարբեր երկիրներ տրուած այցելութիւններուն ընթացքին ֆորումականներուն զիրար փնտռել-գտնելու, տեսակցելու եւ միասին ժամանակ անցընելու երեւոյթը, որ իսկապէս տպաւորիչ է:
Ծանրանալով նախորդ տարուան հաւաքին վրայ՝ ըսենք, որ ֆորումի հիմնադրութեան 20ամեակը ըլլալով՝ տարբեր խանդավառութիւն կար թէ՛ մեր եւ թէ մասնակիցներուն մէջ՝ միտք բանի ունենալով այն, որ 20 տարիներ անընդմէջ կազմակերպուող այս հաւաքը ո՛չ միայն պէտք է պահպանել եւ անոր երթի շարունակութիւնը երաշխաւորել, այլ՝ նոր թափ ու եռանդ ներարկել անոր: Հաւաքը բաւական հետաքրքրական էր ու տպաւորիչ:
Ընթացիկ տեսարժան վայրեր տրուած այցելութիւններուն եւ յատկանշական հանդիպումներու կողքին, ֆորումի պարագային կարեւոր են դասախօսութիւններն ու քննարկումները, յատկապէս՝ «Ո՞վ է հայը» հարցումին շուրջ եղած քննարկումները, որոնք ընդհանրապէս բաւական աշխոյժ կ՛ըլլան, որովհետեւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէ մասնակից երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը տարբեր մօտեցումներ ունի, նոյնիսկ կարծիքներու հակասութիւններ կ՛արձանագրուին, մօտեցումներու մեծ տարբերութիւններ, սակայն իսկապէս շատ հետաքրքրական կ՛ըլլայ այս բաժինը, որ խորքին մէջ նաեւ դժուար է եզրակացնել, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ճշդել, թէ ո՛վ է հայը: Դասախօսութիւններ կը տրուին գաղութներու մասին, անոնց ծագման եւ ներկայ կացութեան, ինչ որ ոմանց քով հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, մանաւանդ որ հայկական դպրոց չյաճախած անձեր կը զարմանան, թէ այլ գաղութի մէջ հայեր ինչպէս կ՛ապրին հայօրէն, կը խօսին միայն հայերէն եւ այլն: Դասախօսութիւնները կարելի եղածին չափ փակ սրահներէ ու սենեակներէ դուրս կատարելու ճիգ կը տանինք, որպէսզի անոնք ձանձրացուցիչ չըլլան, այլ աւելի անմիջական ըլլան, երբ անոնք կը տրուին նիւթին համապատասխանող վայրերու մէջ: Օրինակ, երբ երաժշտական գործիքներու մասին պիտի խօսինք, հաւաքի մասնակիցները կ՛երթան նուագախումբի մը փորձին, մօտէն կը ծանօթանան նուագարաններուն, իսկ հայերէն գիրերու գիւտին անդրադառնալու համար կ՛երթանք Օշական եւ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը կ՛այցելենք:
«ԱԶԴԱԿ».- Ըստ ձեզի, ո՞ր այցելութիւնը ամէնէն աւելի կը տպաւորէ ուսանողները:
ԱՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Այն օրէն, որ Արցախը ներառուեցաւ հաւաքի ծրագիրին մէջ, սկսանք Արցախի մէջ զօրանոց այցելելու. ասիկա շատ մեծ հպարտութիւն կը ներշնչէ հաւաքի մասնակիցներուն, որովհետեւ ատիկա յաղթանակը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ խորհրդանիշ, այլ՝ շօշափելի փաստ: Այցելութեան ընթացքին տարբեր երկիրներէ Արցախի երկինքին տակ համախմբուած ուսանողները կը ծանօթանան զինուորներու ա-ռօրեային, կենցաղին, դժուարութիւններուն: Հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրող ուսանողները հոն կը զգան, թէ հայ զինուորը ինչպէս եւ ինչ զոհողութիւններով կը պաշտպանէ հայրենիքին սահմանը, որ համայն հայութեան համար մեծ արժէք է:
Ծաղկաձորի «Հայաստան» ճամբար տրուած այցելութիւնն ալ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ ֆորումականներուն վրայ, այդ այցելութենէն ետք անոնք կարծէք 180 աստիճան կը փոխուին, որովհետեւ կեանքի մէկ այլ պատկերը կը պարզուի անոնց դիմաց: Մանկատան մէջ մեծ թիւով որբեր, պարագաներ կ՛ընդունին ֆորումականները, անոնց հետ կը ճաշեն, կը խաղան, կը պարեն, ժամանակ կ՛անցընեն: Այս այցելութեամբ յատուկ կապ մը կը ստեղծուի հայրենիքի մէջ ապրող մանուկին ու սփիւռքահայ երիտասարդին միջեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ասիկա տրուած այցելութիւններուն մէկ կողմն է, կայ նաեւ միւսը. հիւրընկալողներուն կարծիքը ի՞նչ կ՛ըլլայ՝ տեսնելով, որ սփիւռքահայ երիտասարդներ իրենց այցելութեան եկած են:
ԱՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Շատ մեծ սիրով, անհամբերութեամբ կը սպասեն մեր այցելութեան, մանկատան պատասխանատուները շատ բարձր կը գնահատեն այս նախաձեռնութիւնը, մանուկներուն հետ հաստատուած կապը: Նախորդ եւ նախանցեալ տարիներուն ֆորումականները իրենց հետ տարած էին ձեռային աշխատանքներ, մանուկներու հետ անոնք աշխատեցան, կազմեցին այդ ձեռայինները, որոնք նոյնիսկ վաճառքի կրնան դրուիլ: Ճամբարի պատասխանատու մայրապետը շատ դրական արտայայտուեցաւ այս ձեռայիններուն մասին, մանուկներուն բան մը սորվեցնելու եւ անոնց հետ օրը անցընելու իմաստով: Պէտք է հաստատել, որ այս այցելութենէն ոչ միայն մանուկները շատ բան կը սորվին, այլ նաեւ՝ երիտասարդ ֆորումականները:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ՝ խօսինք այս տարուան ուսանողական հաւաքին մասին, մասնակիցներուն թիւը, ո՞ր երկիրներէն են անոնք եւ այլն:
ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Ցարդ ունինք 17-24 տարեկան 37 մասնակիցներ, որոնք կու գան գրեթէ բոլոր գաղութներէն՝ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան թեւերէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արցախէն, Հայաստանէն, Թիֆլիսէն եւ æաւախքէն: Ունինք պատասխանատու կազմ՝ Լիբանանէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Ընդհանուր պատասխանատուներն են Լիբանանէն՝ Արա Բարսեղեան եւ Քանատայէն՝ Թամար Տօնապետեան, հսկիչներն են՝ Լիբանանէն Մենար Պոյաճեան, Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, Բալիկ Չոքաքլեան եւ Հրայր Գալեմքերեան, իսկ Միացեալ Նահանգներէն՝ Նարեկ Զահեր: Կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ իրենց ներդրումը ունին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի գրասենեակը եւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը՝ կապեր հաստատելու եւ ժամադրութիւններ ճշդելու իմաստով յատկապէս:
Հաւաքին ընթացքին տրուած դասախօսութիւնները երբեք քաղաքական բնոյթ չունին, զրոյցներու ճամբով եզրայանգումի մը հասնելու ոճը որդեգրուած է, կը փոխանցենք տեղեկութիւններ, որոնց մէջ ներառուած են մշակոյթի բոլոր մարզերը, որոնք կրնան սկսիլ պատմականով, սակայն անպայման կը կապուին մեր ներկային, Հայ Դատին, պահանջատիրութեան եւ այլն: Մեր միտք բանին այն է, որ քննարկումները, զրոյցները իբրեւ հիմք ունենան մեր կեանքը, երիտասարդներուն առօրեան, որպէսզի աւելի անմիջական ու հարազատ ըլլան անոնք, նաեւ զանոնք կը մղենք իրենց առաջարկը ներկայացնելու Հայ Դատի աշխատանքներուն ներդրում ունենալու առումով: Այս տարուան դասախօսներն են Կարօ Յովհաննէսեան՝ Լիբանանէն, Հրանդ Մարգարեան՝ Նիւ Եորքէն, Հայկ Դեմոյեան, Սամուէլ Կարապետեան, Թովմաս Պօղոսեան, Յասմիկ Չուքազեան՝ Հայաստանէն:
Այս տարուան նորութիւնն է կեցութեան վայրի փոփոխութիւնը. հաւաքին մասնակիցները պիտի մնան «Եւրոպա» պանդոկին մէջ, որ կեդրոնին մօտ է, աւելի լաւ պայմաններով օժտուած է:
ԱՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Աւելցնեմ, որ այս տարուան նորութիւններէն է այն, որ պիտի փորձենք ֆորումականները զինել այնպիսի ձիրքերով եւ կարողականութեամբ, որ իրենք կարենան կարճ ժապաւէններ, տեսագրութիւններ պատրաստել, որպէսզի երբ իւրաքանչիւրը իր գաղութը վերադառնայ, իր գաղութին մասին կարճ տեսագրուած լրատուութիւններ պատրաստէ, յատկապէս երբ յատկանշական առիթներ կան, ձեռնարկներ կազմակերպուած են, եւ որոնք ընկերային ցանցերուն ու կայքերուն վրայ տեղադրուին: Այսպիսով, թէ՛ գաղութները իրարու գործունէութեան կը ծանօթանան եւ թէ ֆորումականներուն միջեւ կապը կը շարունակուի:
«ԱԶԴԱԿ».- Ըսիք, որ նաեւ կան մասնակիցներ Սուրիայէն, անոնք արդեօք տակաւին Սուրիա՞ բնակող երիտասարդներ են, թէ Հայաստան հաստատուածներէն են:
ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Երեք հոգին Հալէպ կ՛ապրի, անոնք պիտի միանան Լիբանանի խմբակին եւ ուղղուին Հայաստան, իսկ երկու հոգի ալ Հայաստան հաստատուած հալէպահայեր են: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութիւնը եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատուկ որոշումով պիտի հոգայ սուրիահայերուն մասնակցութեան ծախսերը, եւ անոնք պիտի ըլլան Կեդրոնական վարչութեան հիւրը:
Ըսեմ նաեւ, որ սուրիահայութենէն բացի, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշ պիւտճէ կը յատկացնէ այս հաւաքին, որպէսզի նիւթական նեղ պայմաններու պատճառով ոչ ոք զրկուի այս հաւաքէն, երբ այս առնչութեամբ դպրոցներ կ՛այցելենք, կ՛ըսենք, որ եթէ ոմանք կը փափաքին, սակայն նիւթականի հարց ունին, դիմեն մեզի, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին փորձենք լուծումներ գտնել: Այս լուծումներէն մէկն էր այս տարի կազմակերպուած վիճակահանութիւնը, որ բաժնուեցաւ աշխարհով մէկ սփռուած ֆորումականներուն, որոնք իրենց կարգին վաճառեցին զանոնք: Բոլոր ֆորումականներուն մասնակցութեամբ եղած առաջին նախաձեռնութիւնն էր ասիկա:
«ԱԶԴԱԿ».- Այս տարի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ նախաձեռնած է յատուկ հանդիսութեան մը՝ ֆորումի հիմնադիրներուն ի պատիւ: Խօսինք այդ մասին:
ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- 19 Յուլիսին Լիբանանի մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը պիտի պատուէ ֆորումի հիմնադիր խմբակէն չորս անձեր՝ Սելլա Թնճուկեան՝ Լոնտոնէն, Շուշիկ Արսլանեան եւ Հրաչ Սիմոնեան՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ Հուրիկ Պաղտասարեան՝ Ֆրանսայէն: Հրանդ Մարգարեան նախորդ տարի Հայաստանի մէջ յուշանուէր ստացաւ: 1994ի Պատգամաւորական ժողովին այս ծրագիրը սկսաւ Սելլա Թնճուկեանի առաջարկով, եւ վերոյիշեալ անձերը այդ թուականէն մինչեւ հիմա կ՛աշխատին այս ծրագիրին համար, իւրաքանչիւրը՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Այս անձերը ճանչցուած են իբրեւ հիմնադիր խմբակ, անշուշտ անոնց կողքին ունեցած ենք բազմաթիւ համազգայնականներ, որոնք իրենց անվերապահ օժանդակութիւնը կը ցուցաբերեն մինչեւ օրս: Նկատի ունենալով, որ վերոյիշեալ չորսն ալ Ճեմարանի շրջանաւարտ կամ թերաւարտ են, Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպութեամբ, ֆորումի գրասենեակին հետ գործակցաբար եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ պիտի կայանայ այս մտերմիկ ճաշկերոյթը, որուն ներկայ պիտի ըլլան նախկին ֆորումականներ եւ ֆորումի նախկին պատասխանատուներ, հսկիչներ՝ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ, Կեդրոնական վարչութեան հին եւ նոր անդամներ, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, շրջանաւարտներ եւ այլ հիւրեր: Այս ձեռնարկին Հայաստանի մէջ ֆորումը արդէն սկսած կ՛ըլլայ, կապ պիտի հաստատենք այս տարուան հաւաքի մասնակիցներուն հետ եւ զրուցենք անոնց հետ: Յուսանք՝ ասիկա լաւ առիթ կ՛ըլլայ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու անոնց, որոնք երկար տարիներէ ի վեր այս ծրագիրի յաջողութեան համար կ՛աշխատին, ինչպէս նաեւ խթան ըլլայ ուրիշներու՝ նման աշխատանքներու մէջ ներգրաւուելու:
Ըսեմ նաեւ, որ նախորդ տարի ֆորումի ծիրին մէջ երախտագիտութեան յուշանուէր յանձնուեցաւ Զեփիւռ Օհաննէսեանին, որ անընդմէջ տասը տարիներ ստանձնած է ֆորումի պատասխանատուի դերը եւ իր վաստակը ունին այս հաւաքի իրականացման իմաստով: