ԵՐԵՒԱՆ.– Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղին մէջ շուտով գործարկման պիտի յանձնուին կաթնամթերքի եւ միրգի վերամշակման արտադրամասեր:
Նախագիծը, որով Փանիկ գիւղի աւելի քան 200 ընտանիք մինչեւ տարուան աւարտը բնամթերք վերամշակելու եւ յաւելեալ եկամուտ ապահովելու կարելիութիւն պիտի ստանայ, կը կատարուի Հայկական միջմասնագիտական միջազգային խմբաւորման (G2iA), Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ տարածաշրջանի եւ «Օրէյնճ» հիմնադրամի միացեալ ջանքերով:
2014ին մեկնարկած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք, շրջանին մէջ արդէն հիմնուած է սպառողական համագործակցական: Կաթնամթերքի արտադրամասը շուտով պիտի յանձնուի շահագործման, իսկ աշնան շահագործման կը յանձնուի նաեւ մրգի վերամշակման արտադրամասը:
Այսօր G2iA-ի եւ «Օրէյնճ» հիմնադրամի ներկայացուցիչները այցելած են Փանիկ՝ ծանօթանալու արտադրամասի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
«Օրէյնճ» հիմնադրամի գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններից մէկը գիւղական համայնքների զարգացման ծրագրերի իրականացումն է: Վերջին տարիներին յատկապէս մենք առաւել ուշադրութիւն ենք դարձնում այն ծրագրերին, որոնք նպատակ ունեն գիւղական համայնքները տնտեսապէս ուժեղացնել՝ կայուն աշխատատեղեր ու աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծելով: Մասնաւորապէս, Տաւուշի, Արագածոտնի եւ Սիւնիքի մարզերում արդէն իրագործել ենք մի շարք գիւղատնտեսական ծրագրեր, որոնք յաջողութեամբ են պսակուել: Ուրախ ենք մասնակից լինել նաեւ Փանիկի այս արտադրամասի ստեղծմանը: Վստահ ենք, որ այն նոյնպէս յաջողութիւն կ՛ունենայ եւ կը ծառայի համայնքի տնտեսական զարգացմանը», ըսած է «Օրէյնճ» հիմնադրամի քարտուղար Լիլիթ Մարտիրոսեան: