Ըստ Ermenihaber.am կայքին՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ համերգով հանդէս եկած է աշխարհահռչակ նշանաւոր ճազային դաշնակահար Տիգրան Համասեան՝ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբի մասնակցութեամբ։
Համասեան 100 եկեղեցիներու մէջ համերգներով հանդէս կու գայ Թուրքիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
«Լոյս ի լուսոյ» խորագիրով համերգաշարը Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Յունիս։
Թրքական «Evrensel» լրատուական կայքին համաձայն՝ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին, բացի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն, մասնակցած են նաեւ բազմաթիւ տեղաբնակ քիւրտեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.