ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրող Մերի Մամեան կը գրէ, թէ «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 12րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի մրցութային ծրագիրով այս տարի ներկայացուած է 76 ժապաւէն։ Անոնք ընտրուած են 105 երկիր ներկայացնող շուրջ 1600 դիմուներէ: Այդ ժապաւէններէն 12ը ընդգրկուած է «Միջազգային խաղարկային», 13ը՝ «Միջազգային վաւերագրական», 18ը՝ «Հայկական համայնապատկեր» եւ 34ը՝ «Կորիզ» կարճ ժապաւէններու մրցութային ծրագիրներուն մէջ: Մրցութային ծրագիրներու ժապաւէնները կը ներկայացնեն 26 երկիր: «Միջազգային վաւերագրական» ծրագիրին մէջ ներկայացուած է մէկ հայկական՝ Արման Երիցեանի «Մէկ, երկու, երեք» ժապաւէնը, որ Հայաստանի, Գերմանիոյ եւ Նորվեկիոյ արտադրութիւնն է։
Փառատօնի ծիրին մէջ, բացի մրցութային հիմնական ծրագիրներէ, ներկայացուած են նաեւ շարք մը արտամրցութային ծրագիրներ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Երեւանեան պրեմիերաներ» ծրագիրով պիտի ցուցադրուին միջազգային նշանաւոր շարժապատկերու փառատօներուն մրցանակներու արժանացած ժապաւէններ: Այս տարի պիտի ցուցադրուի Ճաֆար Փանահիի «Թաքսի» ժապաւէնը, որ Պերլինի փառատօնին ստացած է «Ոսկէ Արջ» մրցանակը, Ռոյ Անտըրսընի «Աղաւնին Նստած Էր Ճիւղին՝ Մտորելով Կեանքի Մասին» սեւ կատակերգութիւնը, որ Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է «Ոսկէ Առիւծ» մրցանակին եւ Ռոպ Նիլսընի «Կամուրջ Դէպի Սահման» ժապաւէնը:
Այս տարի փառատօնը յատուկ կերպով պիտի անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Կազմուած է երկու առանձին ծրագիր՝ «Մենք կանք» (23 ժապաւէն) եւ «Այլեւս երբեք» (11 ժապաւէն): Անոնցմէ առաջինին պիտի ներկայացուին հայ եւ օտար բեմադրիչներու այն ժապաւէնները, որոնք անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան: Երկրորդ ծրագիրի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին օտար բեմադրիչներու այն ժապաւէնները, որոնք կ՛անդրադառնան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն:
Յատուկ ցուցադրութիւններով պիտի ցուցադրուին արտադրիչ Լեւոն Աթոյեանցի եւ բեմադրիչներ Հենրիկ Մալեանի, Հենրիկ Մարգարեանի եւ Յարութիւն Խաչատրեանի ժապաւէնները: Յատուկ յուշ-երեկոյ պիտի կայանայ նաեւ վաւերագրող Վլադիմիր Դաշուկի յիշատակին, որ մահացած է նախորդ տարի:
Այս տարի «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 12րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը պիտի կայանայ 12-19 Յուլիսին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.