ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանը 29-30 Յուլիսին պիտի կայացնեն «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» նիւթով համաժողով, որ տեղի պիտի ունենայ ԳԱԱի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները հրաւիրուած են մասնակցելու քննարկումներուն՝ հետեւեալ ուղղութիւններով.
1. Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ.
2. Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.
3. Հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ:
Համաժողովին մասնակցիլ ուզողները պէտք է իրենց դիմումները յղեն մինչեւ 20 Յուլիս՝ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին՝ lingvinst@sci.am։
Համաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքերը՝ www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ www.language.sci.am:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.