
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Էրմենիհապեր».- Ճազ երաժշտութեան նշանաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեանի ու Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին կողմէ Անիի աւերակներուն մէջ սարքուած համերգը կը շարունակէ նշաւակ դառնալ Կարսի պաշտօնական իշխանութիւններու խիստ բողոքներուն։
Համերգը զայրացուցած է իշխանութիւնները, որոնք «հայկական ոտնձգութիւն» եւ «յետին նպատակ» կը տեսնեն այս արարքին մէջ։ Մասնաւոր դժգոհութիւն պատճառող ազդակներէն մէկն ալ այն է, որ թէ՛ Համասեան, թէ՛ երգչախումբի անդամները հագած էին կրօնաւորներու տարազին նմանող տարազներ, որոնց վրայ կը տեսնուէր մեծահասակ խաչի պատկեր։
Կարսի քաղաքապետը քննադատած էր այս համերգը, քննադատելով նաեւ մամուլին կողմէ «Անի»ի մասին «աւերակ» բառի գործածութիւնը։ Բայց ան քննադատութեան իր սլաքները ուղղած էր դէպի Հայկական Հարց եւ ըսած էր. «Մենք շատ լաւ գիտենք թէ ի՞նչ է անոնց նպատակը»։
Թրքական մամուլը Յունիս 25ին արձագանգ կը հանդիսանայ թուրք ազգայնամոլ՝ «Գորշ գայլեր»ու Կարսի երիտասարդական կառոյցի նախագահ Թոլկա Ատըկիւզելի շատ խիստ բողոքին։ Ան շատ ծանր լեզուով բողոքած է Տիգրան Համասեանի կազմակերպած համերգին դէմ։ Դիտել տալով որ այս համերգին մասնակից դաշնակահարն ու երգչախումբի անդամները «քահանայի հագուստ կը կրէին»՝ Ատըկիւզել հարց տուած է. ««1915 թուականի պատահարներուն ընթացքին հարիւրհազարաւոր իսլամ թուրքեր այս հայերուն կողմէ ցեղասպանութեան ու սպանդի զոհ չգացի՞ն։ Շատ չէ, տակաւին 23 տարի առաջ հայերը չէի՞ն որ Ատրպէյճանի Խոճալու գիւղին մէջ հարիւրաւոր մեր ցեղակիցներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործեցին։ Այս համերգով հիմա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն անոնք։ Ներսը որո՞նք են անոնց օգնականները։ Մամուլի ո՞ր վարձկան լրագրողները ասոնց հետ նոյն գիծով կը գործեն։ Ամէն մարդ իր չափը պիտի գիտնայ եւ այս ժամէն վերջ ատոր համաձայն պիտի առնէ իր քայլը։ Ներսէն ու դուրսէն ծախուած դաւաճան ուղեղներ հիմա մեր համբերութիւնը զօրե՞լ կ՛ուզեն։ Թէ ոչ մենք ալ Կարսի պողոտաներուն վրայ հայեր որսալու ելլենք»։
«Հապերլեր» կը հաղորդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարի միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ յայտնած է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը տարիներ շարունակ աջակցած է յատկապէս Կարսի մէջ կայանալիք մշակութային միջոցառումներուն՝ ժողովուրդին վրայ հոգեբանական ազդեցութիւն բանեցնելու համար: «Սփիւռքի նախարարութիւնը այդ կերպով կը փորձէ նախապատրաստել հայ-թրքական սահմանի բացման», աւելցուցած է ան:
«Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը յատկապէս ընտրած է Կարսն ու Անին, ուր միջոցառումներ կը կազմակերպէ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելով: Անոնք կը փորձեն հոգեբանական պատերազմ սկսիլ այս ժողովուրդին դէմ, որպէսզի մոռացնել տան հայ յանցախումբերու իրագործածները, քանի որ անոնց նպատակն է սահմանները բանալ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մասին իրենց երազները իրականացնել», ըսած է հակահայ գործիչը:
Նշելով, որ շատ հայեր Կարսի եւ Անիի մէջ Հայաստանի դրօշակ բարձրացուցած են, ան նման երեւոյթներ թոյլատրելու համար մեղադրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարութիւնները:
Գալով համերգին ընթացքին եկեղեցական հանդերձանք կրելուն Համասեանի քայլին՝ ան ըսած է. «Այս արարքը մեր ժողովրդը հրահրելու կամ վախեցնելու փորձ է»:
Միւս կողմէ, «Ռատիքալ»ի աշխատակից Եքթա Քոփան Յունիս 25ին մեծ գովասանքով գրած է այն համերգին մասին, զոր Տիգրան Համասեան ու ընկերակիցները իրականացուցին Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ առջեւ։ Ան այս համերգը ողջունած է որպէս խաղաղութեան, հաշտութեան ու միասնութեան նոր կոչ։
Համասեան մինչեւ Յունիս 30 զանազան վայրերուն մէջ նման համերգներ պիտի կատարէ, իսկ վերջին կայանը պիտի ըլլայ Պոլիսը, ուր պիտի մասնակցի ճազի փառատօնին։