ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 26 Յունիսին Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ՝ քննարկելով «Հայկական էլեկտրական ցանցեր»ուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Տեղի ունեցած է նաեւ ընդարձակ կազմով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած են ելեկտրականութեան բնագաւառին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքին եւ զարգացման վերաբերեալ հարցեր: Հայկական կողմէն քննարկման մասնակցած են Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Իոսիֆ Իսայեան, իսկ ռուսական կողմէն՝ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Մաքսիմ Սոքոլով եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթի բնագաւառին մէջ իրականացուող միացեալ ծրագիրներուն եւ փոխգործակցութեան ամրապնդման հեռանկարային ուղղութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.