Կիրակի, 24 Մայիսին, Փիցպըրկի մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Հայ երիտասարդաց միութեան բանակավայրը: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, գաւազանակիր Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան եւ հովուապետական այցելութեան յանձնախումբի ատենապետ Ճեք Մարտոյեան:
Ամէն տարի գարնան, Հայ երիտասարդաց միութիւնը իր եռօրեայ դաստիարակչական բանակումը կը կազմակերպէ: Վեհափառ հայրապետը, որ հովուապետական այցելութեամբ շրջան կ՛այցելէ, ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին այցելեց եւ շուրջ երկու ժամ անցուց 250 մասնակից պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ:
Առաւօտուն տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը: Ապա, յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ: Այս հանդիպումները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն մօտ, որոնք մեր եկեղեցին, գաղութները, ազգը եւ հայրենիքը յուզող զանազան խնդիրներու շուրջ հարցադրումներ կատարեցին: Վեհափառը լսեց եւ պատասխանեց երիտասարդ սերունդին ուղղած հարցումներուն:
Ճաշէն ետք բանակումի մասնակիցները մշակութային պահ մը ստեղծեցին: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը Պահպանիչով օրհնեց զանոնք, ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն: Վեհափառին այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, եւ երիտասարդները աւելի մօտէն ծանօթացան իրենց հովուապետին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.