Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը Ուրբաթ, 22 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դատին յանձնեց աւելի քան եօթը ամսուան հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող «Գայեանէ» պարախումբի ոգեւորիչ ու յուսադրիչ տարեկան ելոյթը:
Ելոյթին բացումը կատարեց «Գայեանէ»ի այս տարուան պարուսոյցներէն Ժագլին Մակինեան՝ «Ով սիրուն, սիրուն» երգին կշռոյթներով: Ապա «Գայեանէ»ի տարիքային տարբեր խումբեր հանդէս եկան «Էնզելի», «Եարխուշտա», «Պարմանի», «Զումպա», «Կինտոներու պար»երով, ապա պալէի խումբը ներկայացուց «Քնացած իշխանուհի»: Առաջին բաժինը վերջ գտաւ «Բաց դաս» պարով՝ մասնակցութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեան ամոլին։
Երկրորդ բաժինով «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացաւ գն-չուական, հնդկական, ուքրանական, ծովահէններու եւ «Հա-ֆա-նա-նա» պարերով: Ապա պարուսոյցները սրահը լեցուցած ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն ներկայացուցին թանկօ մը:
Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի տհոլի համոյթը, որ հանդէս եկաւ քանի մը կատարումներով:
Յաջորդ հանգրուանով բեմը լեցուցին «Գայեանէ»ի աշակերտները՝ «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի» եւ «Սարդարապատ» պարերով:
Վերջընթեր պարը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Խորհրդաւոր բեմադրութեամբ պարին ընդմէջէն ներկայացուեցաւ 1915ի սպանդը, հայ ազգը բնաջնջելու թրքական փորձը, ինչպէս նաեւ հայութեան վերապրումը, գոյատեւումը եւ վերածաղկումը:
Աւարտին բեմը հարստացաւ 230 մանուկներով եւ պատանիներով, որոնք յաջորդաբար տարբեր պարերով ներկայացան՝ հրաժեշտի վերջին պարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.