ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Ապրիլ 23ին, Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն սրբադասման արարողութիւնը նոր ջերմեռանդութեամբ գօտեպնդեց մեր ժողովուրդի զաւակները։ Նոյն հաւատքով եւ հոգիով, մեր թեմի եկեղեցիներուն մէջ նահատակներու աճիւններու ներկայութիւնը պիտի ունենանք։ Այնուհետեւ, մեր հաւատացեալները յարգանքով ու երկիւղածութեամբ պիտի դիմեն Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութեան», յայտարարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, Ապրիլ 26ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագին ընթացքին իր ուղղած պատգամին մէջ:
Առաջնորդը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած սրբադասումի արարողութեան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող օրերուն, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման արարողութեանց ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց միջոցով հայութեան եւ արդարութեան ձայնը ուժգնօրէն հնչեց աշխարհի տարածքին: «Վերջին շաբաթները եղան արթնութեան ու հոգեփոխութեան օրեր, մեր թեմին մէջ եւս հայութիւնը իր ձայնը միացուց աշխարհի տարածքին բարձրացած հայութեան ձայնին, միաձայնութեամբ մասնակից եղանք յուշահանդէսներու եւ պահանջատիրական բազմապիսի արտայայտութիւններու», ըսաւ ան: Սրբազանը յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ շեշտած էր աննահանջ պահանջատիրութիւնը շարունակելու կամքը, շեշտելով, որ «մեր նահատակները՝ Ս. Հոգիով զօրացած եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներով ոգեղինացած, յաղթեցին չարին պատերազմը, որպէսզի մենք՝ անոնց զաւակները, յաղթենք նոր ժամանակներու չարին պատերազմը: Մեր նահատակները մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն համար իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք նոյն տեսիլքով ու յանձնառութեամբ պայքարինք: Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս անլռելի զանգակատուն, ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւուքներու ձեռքբերման՝ մեզ պայքարի մղող»:
Առաջնորդը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ նոյն արթնութեամբ եւ հաւատարմութեամբ շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը, միաժամանակ բարձր գնահատելով մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, որ արտայայտութիւն գտաւ Ապրիլ 24ին առիթով տեղի ունեցած բազմապիսի նախաձեռնութիւններու մասնակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.