ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ռազմաբժշկական բաժանմունքին մէջ բացումը կատարուած է նոր թանգարանի մը ներկայութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի։
Ողջունելով ձեռնարկի մասնակիցները՝ ԵՊԲՀ ղեկավար Միքայէլ Նարիմանեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Արցախեան ազատամարտի պատմութիւնն ու յաղթանակի բերկրանքը արտացոլող նոր թանգարանը եւս հարթակ պիտի հանդիսանայ երիտասարդ սերունդին համար՝ յիշելու եւ վերարժեւորելու Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներուն, որուն կարգին՝ ռազմական բժիշկներու սխրանքը:
Նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորելով ներկաները՝ մայիսեան եռատօնին առիթով եւ անգամ մը եւս արժեւորելով հիւանդապահներու դերը թէ՛ Արցախեան պատերազմի տարիներուն, եւ թէ խաղաղ պայմաններուն մէջ, նկատել տուած է, որ ռազմական բժիշկները մեծ դեր խաղացած են հայկական բանակի կայացման եւ ամրապնդման գործին մէջ, ու այսօր ալ ակնյայտ է զինուած ուժերուն համար բժշկական մարդուժ պատրաստող ԵՊԲՀ ռազմաբժշկական բաժանմունքի դերն ու նշանակութիւնը:
Ձեռնարկէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սէյրան Օհանեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական համակարգի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է՝ հաստատելով, որ վերջին շրջանին ստորագրուած կարեւորագոյն փաստաթուղթերը կ՛ապահովեն այդ համագործակցութեան զարգացումը: Ան յայտնած է, որ անշուշտ, մտահոգութիւն կայ, որ Ատրպէյճան զէնք կը գնէ Ռուսիայէն։ «Եթէ համեմատելու լինենք, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմական, ռազմատեխնիկական ոլորտում աւելի շատ միջոցառումներ են անցկացւում, քան Հայաստանի եւ այլ երկրների միջեւ: Վերջին ժամանակաշրջանում ստորագրած կարեւորագոյն փաստաթղթերն ապահովում են ռազմատեխնիկական ոլորտում մեր համագործակցութեան զարգացումը: Ինչ վերաբերում է այլ երկրների հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւններին, դա իւրաքանչիւր երկրի խնդիրն է: Մտահոգութիւնները պարեբարաբար արտայայտում ենք, եւ դա բերում է նրան, որ այդ ամէնը վերահսկելի իրավիճակում է», յայտնած է նախարարը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ սահմանին կանգնած զինուորները բարձր մակարդակի հերթապահութիւն կը կատարեն եւ օրըստօրէ կը կատարելագործեն մարտական հերթապահութեան բոլոր տարրերը:
Ան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Արսէն Բաղդասարեանը 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու արարքին՝ զայն նկատելով Ատրպէյճանի կողմէ արտաքին աշխարհին ուղղուած քարոզչութիւն։ «Այդ կերպ Ադրբեջանը փորձում է Բաղդասարեանի դէպքը հակադրել Քարվաճառում ձերբակալուած եւ դատապարտուած ադրբեջանցի 2 դիվերսանտների դէպքին», նշած է նախարարը։
«Ադրբեջանի նպատակը մէկն է՝ ցոյց տալ, որ մենք ունենք զինծառայող, ով փորձ է արել Ադրբեջանի տարածքում իբր դիւերսիոն գործողութիւն իրականացնել, եւ դա հակադրել այն յանցագործներին, որոնք իրականում ԼՂՀ Քարվաճառի տարածքում անօրէն գործունէութիւն են իրականացրել, անմեղ մարդկանց սպաննել: Սա նաեւ արտաքին աշխարհի քարոզչութեան նպատակ ունի», հաստատած է նախարար Սէյրան Օհանեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.