ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹ, «Ռոյթըրզ».- Մայիս 1ին, Գերմանիոյ մէջ կայացող աւանդական հեծելարշաւի մասնակիցներուն վրայ ահաբեկչական արարք մը կանխարգիլուած է, երբ Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ի երեկոյեան գերմանական Օպերուրզել քաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարած է ծայրայեղ իսլամական եւ թրքական քաղաքացիութիւն ունեցող երկու կասկածելիներու բնակարանին մէջ: Բնակարաններուն մէջ յայտնաբերուած են ռումբ մը, պայթուցիկ նիւթեր, արագահարուած գնդացիր մը եւ մեծ թիւով փամփուշտներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.