ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան «Սիւիլնե»չին յայտնած է, որ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Աւստրոհունգարիան, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, կը կրէ կատարուածի պատմական պատասխանատուութիւնը: Խորհրդարանական խմբակցութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուին նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած այլ քրիստոնէաներու՝ ասորիներու, արա-մէացիներու, Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնները:
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ Աւստրիա պարտաւոր է կատարուածը «ցեղասպանութիւն» որակելու եւ դատապարտելու: «Թուրքիոյ իր հերթին կոչ կը կատարուի իր մութ անցեալի ցաւալի էջերը փակելու եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ջարդերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու, քանի որ ազատութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մեր անօտարելի արժէքները անմիջականօրէն կապ ունին բռնութեան, տեղահանումներուն եւ զանգուածային սպանութիւններուն զոհ գացածներու յիշատակը յարգելուն հետ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Ապրիլ 22ին, Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ, որ պիտի բացուի մէկ վայրկեան լռութեամբ:
Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ին կայանալիք միջոցառումներուն, Աւստրիան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.