
ԵՐԵՒԱՆ.– Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները քննարկած են Վլատիմիր Փութինի՝ 24 Ապրիլին Երեւան կատարելիք այցելութիւնը: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի խորհրդական Եուրի Ուշաքով:
«Այս նիւթով զրոյց տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներուն միջեւ: Էրտողան քաջատեղեակ է Փութինի՝ Հայաստան այցելելու ծրագիրներուն մասին», լրագրողներուն յայտնած է Ուշաքով։ Ան նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահը լաւապէս կը գիտակցի, թէ «մեր երկիրը բաւական բարձր մակարդակով 24 Ապրլին ներկայ պիտի ըլլայ Թուրքիա (Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի տօնակատարութեան), մեր պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով իր կարգին դիտել տուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Ռուսիոյ նախագահին Երեւան այցելութիւնը չի վնասեր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ռուսական յարաբերութիւններուն։
«Զանգուածային յանցագործութիւններու զոհերու յիշատակի յարգումը յարաբերութիւններ փճացնելու պատճառ չէ: Հաշտութեան բազմաթիւ օրինակներ կան: Մենք կողմ ենք հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Այդ ուղղութեամբ շատ բան կ՛ընենք, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Մենք կ՛աշխատինք մեր օտար գործընկերներուն հետ, պարբերաբար կապ կը հաստատենք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ: Յոյս ունիմ, որ այդ հարցին լուծումը կ՛արագանայ», ըսած է Լաւրով:
Ըստ անոր՝ Մոսկուան պիտի նպաստէ, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող փաստաթուղթերը ուժի մէջ մտնեն:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա քանի մը տարի առաջ աջակցած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ գործընթացին՝ ուղղուած սահմաններու բացման, փոխադարձ ճանաչման, բայց այդ փաստաթուղթերը ուժի մէջ չմտան, որովհետեւ այդ պահուն Թուրքիոյ մէջ անոնք չվաւերացուեցան։ Բայց մենք աշխոյժ կերպով կը նպաստենք, որ անոնք իրականութիւն դառնան», դիտել տուած է Լաւրով։