
ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հանդիպում ունեցած է Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
Նախարարները Թիֆլիսի մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած էին եւ քննարկած շրջանային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման հարցերը:
Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է երեք երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման առնչութեամբ եւ գնահատած է տարբեր կառոյցներուն միջեւ այսպիսի հանդիպումներու կայացումը, որովհետեւ անոնք նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն երեք երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերու զարգացման համար: «Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործակցութիւնը կը նպաստէ շրջանի զարգացման», եզրակացուցած է Ղարիպաշվիլի։