
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիա կրնայ իր ներդրումը ունենալ Եմէնի տագնապին լուծում մը գտնելու ջանքերուն մէջ՝ բանակցութիւններուն ընթացքին իբրեւ միջնորդ հանդէս գալով:
«Թուրքիա կրնայ կարեւոր դեր կատարել Եմէնի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու հարցին մէջ, եթէ տագնապին կողմերը համաձայն գտնուին: Մենք պէտք է լուծենք զայն՝ հիմնուելով Եմէնի տարածքային ամբողջականութեան վրայ», յայտարարած է Չաւուշօղլու, պնդելով, որ Թուրքիա «մեծ փորձառութիւն ունի տարբեր տագնապներու խաղաղ լուծման գործին մէջ»:
Զինուորական գետնի վրայ, մինչ Եմէնի նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի համակիր ցեղախումբերու ուժերը, «Վճռորոշ փոթորիկ» արշաւի օդանաւերուն աջակցութեամբ, Ապրիլ 7ին կը շարունակեն դէմ դնել Ատենի պատմական թաղամասերը գրաւելու հուսիներու ջանքերուն։ Հուսիները Ատենի նաւահանգիստն ու քաղաքին շարք մը շրջաններ գրաւած էին մէկ օր առաջ: