«Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը 34 թուրք զինուորականներու ձերբակալման հրամանագիր տուած է: Վերջիններս կը մեղադրուին լրտեսութեան, ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան մասնակցելու եւ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտել փորձելու յանցանքներով։ Կը կարծուի, թէ կասկածելիները ընդդիմադիր իսլամ գործիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի «Հիզմե»չ շարժումի անդամներ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.