
ԷՐՊԻԼ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի հետ Նինուէ նահանգին, ներառեալ Մուսուլի, ազատագրութեան նպատակով զինուորական միացեալ յանձնախումբի մը կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է:
Ապատի Պարզանիի հետ Էրպիլի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Թիքրիթի մէջ իրագործուած է մաքուր յաղթանակ մը»՝ աւելցնելով, որ բոլոր իրաքցիները պիտի մասնակցին Նինուէի ազատագրութեան: Ան շեշտեց, որ նահանգի բնակիչները պէտք է զգան, որ իրենց քաղաքներուն ազատագրութեան մասնակիցներէն ոչ ոք սեփական շահ ունի:
Իրաքի վարչապետը ըսաւ, որ Մուսուլի մէջ գործողութեան ձեռնարկելու համար ժամկէտ մը ճշդուած է, սակայն ինչպէս Թիքրիթի պարագային, յարձակումը անակնկալ կերպով պիտի շղթայազերծուի:
Իրաքի վարչապետը շեշտեց, որ շիիներու Ժողովրդային զօրախումբի ուժերը մասնակից են Իրաքի պաշտպանութեան եւ անոնց հասցէին զրպարտանքներ կ՛ըլլան, ինչ որ սխալ է, եւ ուժերը պատասխանատու չեն կարգ մը անհատներու գործած սխալներուն համար: