ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Լօզանի փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած լուծումներու շարքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց վերջնական փաստաթուղթին հիմը պիտի կազմէ:
Զարիֆ աւելցուց, որ համաձայնութիւնը պէտք է մինչեւ Յուլիս ամբողջացնել:
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ գոյացնել «վերջնական եւ պարտադիր լուծում մը, որ կ՛առաջնորդէ շրջանին ու աշխարհին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»: Օպամա նշեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման նկատմամբ նախանձախնդիր է եւ Ծոցի երկիրներուն ղեկավարները հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներ՝ ապահովութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերը քննարկելու համար:
Յիշեցնենք, որ Օպամա Իրանի հետ համաձայնութիւնը «պատմական փոխըմբռնում» նկատեց՝ նշելով, որ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները աստիճանաբար պիտի վերցուին, կատարուածը «լաւ գործարք» անուանելով։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի վերջնական համաձայնութիւնը «սպառնալիք պիտի ըլլայ Իսրայէլի գոյատեւման», սակայն Օպամա նշեց, որ այդ համաձայնութիւնը «պիտի փակէ դէպի հիւլէական ռումբ տանող ճամբան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.