ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- «Աւելի քան 30 տարի առաջ, այս գաղութին մէջ կարգ մը նուիրեալներ տեսիլքն ու երազը ունեցան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, անոր կողքին՝ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանըձ եւ «Ղուկասեան» սրահը կանգնեցնելու: Բարերարներու օժանդակութեամբ եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, ոտքի կանգնեցաւ «Յովնանեան» համալիրը: Հիմնադիրներէն ու բարերարներէն ոմանք արդէն առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, ուրիշներ մեզի հետ են, իսկ նորեր եկած են միանալու եկեղեցանուէր ու դպրոցաշէն գործին: Հիմնադիրները մնայուն գործ մը կատարեցին եւ ժառանգ թողուցին մեզի: Այս գաղութին կը մնայ նոր քարեր աւելցնել մնայուն գործին վրայ», պատգամեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, Մարտ 22ի երեկոյեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի տարեկան միացեալ ձեռնարկին առիթով, միաժամանակ օրհնելով անցեալի ու ներկայի բոլոր բարերարները, նուիրեալ ծառայողներն ու Օրենճ Քաունթիի ծխական համայնքի մեր ընտանիքը:
Հանգանակային ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նիւփորթ Պիչ քաղաքի «Այլընտ» պանդոկին մէջ, ի նպաստ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրներուն եւ վարժարանի կրթական աշխատանքներուն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հոգաբարձութեան եւ շինարարական յատուկ յանձնախումբին կողմէ, որ այս տարուան սկիզբը սկսած էր իր աշխատանքներուն, վերանորոգելու համար եկեղեցւոյ համալիրը:
Աւելի քան 350 հայորդիներ ու համայնքի բարեկամներ մէկտեղուած էին այս կարեւոր ձեռնարկին առիթով, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եկեղեցւոյ ծրագիրներուն եւ առաքելութեան: Ներկայ էր Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններ, գաղութի մէջ գործող միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ: Նոյն ձեռնարկին, գաղութի «Արի Կիրակոս Մինասեան» վարժարանը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 29րդ տարեդարձը: Վարժարանին մեծ ընտանիքը իր զգալի ներկայութեամբ մասնակցեցաւ այս ձեռնարկին:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց ու կատարեց սեղանի օրհնութիւնը: Վերանորոգութեան յանձնախումբին կողմէ, Գէորգ Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մասնակցութեան ու բարերարներու ներդրումին համար: Ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, որոնց ընդմէջէն վեր առնուեցան վերանորոգութեան աշխատանքներու կարեւորութիւնը, բարերարներուն դերը ու անցեալի հիմնադիրներու հանդէպ ցուցաբերուած երախտագիտութիւնը: Ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտ Ռոյս, որ հանդէս եկաւ իր խօսքով, գնահատելով հայ համայնքի տարած աշխատանքները այս նահանգէն ներս եւ ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց ու շնորհաւորեց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու ծրագիրը: Խօսք առաւ նաեւ Ալին Օհաննէսեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով գրուած «Orhan՛s Inheritance» վէպին հեղինակն է: Ձեռնարկին ընթացքին գնահատուեցաւ վարժարանի ծնողաուսուցչական մարմինը, իր տարած աշխատանքին համար:
Յանձնախումբի անդամներէն Քրիս Կիւլճեան փոխանցեց նորոգութեան աշխատանքներու ծրագիրը եւ վեր առաւ անոր կարեւորութիւնը գաղութի կեանքէն ներս: Ան ներկայացուց աշխատանքներուն իրենց իւրայատուկ նիւթական ներդրումը բերած գլխաւոր բարերարները՝ տէր եւ տիկ. Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեանները, տէր եւ տիկ. Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեանները, տէր եւ տիկ. Տիգօ եւ Բեկի Սուլահեանները, տէր եւ տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆէրմանեանները, տէր եւ տիկ. Ճորճ եւ Սիրուն Ժըմայէլները եւ տէր եւ տիկ. Րաֆֆի եւ Ալին Գրաճեանները (ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորը), որոնց յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան:
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդը, որ նախ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ընտանիքն ու ծառայողները, որոնց յաջող աշխատանքին մէկ արտայայտութիւնն է այս ձեռնարկը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
«Հաւանաբար կը նկատէք, որ այս երեկոյ յուզուած եմ, որովհետեւ իբրեւ ձեր նախկին հովիւը եւ այժմու առաջնորդը ձեզի հետ եմ դարձեալ եւ յիշողութեանս մէջ կը վերականգնին շուրջ 30 տարիներ առաջ արձանագրուած դէպքեր, երբ 1988ի Յունիսին այս եկեղեցին օծուեցաւ հոգելոյս Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ձեռամբ», ըսաւ սրբազանը՝ նշելով, որ այդ օրերուն, տեսիլք եւ ազնիւ երազ ունեցող սերունդին երազներուն իրականացման պտուղներն են եկեղեցին, դպրոցն ու անոնց կողքին կանգնող սրահն ու համալիրին բաժինները: Առաջնորդը երախտագիտութեան եւ օրհնութեան խօսքերով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հովանիին տակ արդէն ննջող բարերարներուն եւ ծառայողներուն մասին, նաեւ ողջունեց եւ օրհնեց սկսուած գործը շարունակողներն ու համալիրը բարելաւողները: «Հիմնադիրներէն ու բարերարներէն շատեր այսօր ալ մեզի հետ չեն, սակայն վստահաբար հոգիի աչքերով ցնծութեամբ կը հետեւին իրենց գործը շարունակողներու իրագործումներուն, իսկ այսօր, ես կը տեսնեմ այդ սերունդէն ներկայացուցիչներ, որոնք կը մնան մեր կողքին, ներկայ են եկեղեցւոյ ու դպրոցին կեանքին մէջ», շեշտեց առաջնորդը եւ նկատել տուաւ, որ այս երեկոն, գաղութին համար տօնախմբութեան օր է, որովհետեւ եկեղեցւոյ սրահին ու շրջափակին բարեզարդման եւ նորոգութեան աշխատանքները շարունակութիւնն են տասնամեակներու աշխատանքին ու ծառայութեանց, որոնց համար իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը բաշխեց այժմու նուիրեալներուն ու բարերարներուն: Սրբազանը գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ հովիւին՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, վարժարանին նուիրեալներուն ու շինարարական յանձնախումբին. ան յայտնեց, որ ինչպէս 30 տարի առաջ, եկեղեցւոյ ու դպրոցին հիմնադիրները յստակ նպատակով ճամբայ ելան եւ խօսքը գործի վերածեցին, այս ուղին շարունակողները եւս պարտին նոյն ոգիով ու մօտեցումով շարունակել երթը, որովհետեւ անոնք ականատես վկաներն են տասնամեակներու աշխատանքի բարի պտուղներուն: Ան բարձր գնահատեց՝ «Մէկ համայնք, մէկ նպատակ» նշանախօսքով տարուող աշխատանքը, շեշտեց, որ գործին արդիւնքն է մնայունը եւ պատիւ կը բերէ զայն իրագործողներուն, հպարտութիւն՝ համայնքի զաւակներուն, հետեւաբար նաեւ կոչ ուղղեց լիաբուռն նուիրաբերելու եւ մասնակից ըլլալու այսօրուան ծրագիրներու իրականացման, աշխատիլ օրէնքով ու կարգ-կանոնով: Ան յիշեցուց, որ 30 տարի առաջ, այս համայնքը յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ 800,000 տոլար հանգանակել ազնիւ նպատակին համար, այսօրուան սերունդը եւս կարողութիւնը պիտի ունենայ կատարելու նման սխրալի իրագործում:
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով յիշատակը ննջեցեալներուն, գնահատեց եկեղեցւոյ բարերարներն ու նուիրեալ ծառայողները, յորդորելով, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է գործել համեստութեամբ եւ հեզութեամբ:
Սրբազանին օրհնութեան խօսքով, ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ, որմէ ետք պարահանդէսը շարունակուեցաւ:
Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքը ապրեցաւ իւրայատուկ օր մը, որ պիտի մնայ իւրաքանչիւրի յիշողութեան մէջ, որպէս գաղութակերտ առաքելութեան ու գնահատանքի օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.