Լիբանան ծնած Ատրուշան Արմէնեան 1976ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, ուսումը շարունակելու Պոսթընի «Նորթուեսթըրն» համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։ Ապա ան սկսած է աշխատելու «Փրաքթըր էնտ Կեմպըլ» ընկերութեան միջազգային բաժանմունքին մէջ, աստիճանաբար աւելի պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով եւ հասնելով մինչեւ փոխտնօրէնի պաշտօնին։ Այդ պաշտօնին բերումով, ան տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին ապրած է Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներու մէջ։
2005էն ի վեր, Ատրուշան Արմէնեան հաստատուած է Լաս Վեկաս, կեդրոնանալով իր ընտանիքին առեւտրական կալուածներու առեւտուրի նախաձեռնութիւնը զարգացնելու ջանքերուն վրայ, իր կնոջ՝ Նորայի հետ։ Ամոլի երկու դուստրերէն մէկը՝ Հերան, իրաւաբան է, իսկ միւսը՝ Գառնին, ճարտարապետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.