ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ՝
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մարտ 29ին Հայց. առաքելական եկեղեցին նշեց Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը: Այս ցնծալի տօնին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ծաղկազարդը յատկապէս տօնն է մանուկներուն: Աւետարանիչները կը պատմեն, թէ ինչպէս Յիսուս իր բարեկամ՝ Ղազարոսին յարութիւն տուաւ եւ լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ, երբ ան որոշած էր վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ մտնել աւանակի մը վրայ նստած: Հրէական զատկական տօնն էր, բազմահազար ուխտաւորներ Երուսաղէմ փութացած էին: Անոնք վկայեցին Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, եւ ականատես եղան երկինքի արքայութեան յայտարարութեան: Ծերեր եւ մանուկներ դիմաւորեցին Զինք՝ ձիթենիի խաղաղարար եւ արմաւենիի յաղթական ճիւղեր ճօճելով, միաժամանակ բացագանչելով. «Օրհնութիւն Դաւիթի որդիին, օրհնեալ ըլլայ ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ»:
Պատարագը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:30ին, իսկ նախքան քարոզը՝ Ծաղկազարդի յատուկ փոքրիկներու թափօրը, առաջնորդութեամբ պատարագիչ առաջնորդին: Եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին երգեցողութեամբ, թափօրը դուրս ելաւ եկեղեցւոյ մայր մուտքէն ու շրջան ընելով վերադարձաւ եկեղեցի: Բազմահարիւր մանուկներ, իրենց ծնողներուն հետ, մաս կազմեցին թափօրին: Ապա անոնք ծնրադիր խմբուեցան խորանին առջեւ եւ հետեւեցան արարողութեան, լսեցին սրբազան հօր պատգամը եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը, տօնին խորհուրդը ներկայացնելով՝ նշեց, որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ կրնայ կրկնուիլ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ամէն անգամ որ Տիրոջ ներկայութեամբ հաղորդուինք, որովհետեւ երբ կեանքի մէջ խաղաղութիւն եւ խոնարհ հոգի փնտռենք, անմեղ մանուկներուն նման «Ովսաննա» (փրկէ մեզ) կանչով, Ան մեր հոգիներէն ներս կը մտնէ եւ զանոնք Երուսաղէմի (խաղաղութեան քաղաքի) կը վերածէ:
Սրբազանը անդրադարձաւ մանուկներու հանդէպ Յիսուսի ունեցած սիրոյն, ինչպէս նաեւ դրուատեց մանուկներուն հրեշտակային անմեղութիւնը: Ան յիշեցուց, որ Յիսուսը դիմաւորողներուն մէջ միայն զինք ընդունող բարի ծերեր եւ անմեղ մանուկներ չկային, այլ կային նաեւ դպիրներ ու փարիսեցիներ, որոնք իր հակառակորդներն էին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք ծերերո՞ւն ու մանուկներո՞ւն դասին կը պատկանինք, թէ փարիսեցիներուն:
Անդրադառնալով Աւագ Շաբթուան, առաջնորդը յորդորեց հաւատացեալները, որ պատկանին Յիսուսը ընդունող ծերերուն եւ մանուկներուն դասուն:
Վերջապէս, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ, Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօները այս տարուան պէս զուգադիպած են Մարտի վերջին եւ Ապրիլի առաջին Կիրակի օրերուն, սակայն մեր ժողովուրդի զաւակները քիչ ժամանակ ետք զոհ գացին Ցեղասպանութեան: Ան փառք տուաւ եւ ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդը եւս, Յիսուսի օրինակով, յարութիւն առաւ եւ վերականգնեց իր կեանքը:
Պատարագէն ետք, առաջնորդին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն, իսկ աւարտին, հաւատացեալներ, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր ի ձեռին, եւ Տիրոջ օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը իրենց սիրտերուն, արձակուեցան եկեղեցիէն: