ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած է Վարչապետներու ակումբի անդրանիկ նիստը, որուն մասնակցած են Յովիկ Աբրահամեան, Վազգէն Մանուկեան, Գագիկ Յարութիւնեան, Խոսրով Յարութիւնեան եւ Հր-անտ Բագրատեան:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ակումբին հետագայի գործունէութեան եւ տնտեսութեան առնչուող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.