
ԵՐԵՒԱՆ.– 26 Մարտի կառավարութեան նիստին ընկերային բնոյթի շարք մը որոշումներ տրուեցան։ Ըստ այդմ, այս տարի նախատեսուած է գիւղացիական տնտեսութեան աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնել. 7000է աւելի անձ կը զբաղի երկրագործութեամբ՝ պետութեան կողմէ աշխատավարձ ստանալով: Որոշուեցաւ այս տարի եւս յատուկ յատկացում կատարել, որպէսզի շարունակուի երկրագործներուն աջակցելու այս գործընթացը։
«Ծրագիրը կ՛իրականացուի աշխատաշուկայում անմրցունակ համարուող 3200 հողօգտագործող տնտեսութիւններում: Սա այն 13 ակտիւ ծրագրերից մէկն է, որ մենք սկսեցինք 2014 թուականին՝ «Զբաղուածութեան մասին» նոր օրէնքի ընդունումից յետոյ: Այս ծրագրով 2015 թուականին հանրապետութեան ամբողջ տարածքում նախատեսուած է իրականացնել սեզոնային զբաղուածութեան խթանման միջոցով գիւղատնտեսութեանն աջակցութեան գործողութիւններ: Դրանց իրականացման համար պետական բիւջէից տրամադրուելու է 1 միլիառ 125 միլիոն դրամ: Նախատեսւում է, որ ծրագրով կը կարողնանք մինչեւ 6 ամիս տեւողութեամբ ապահովել ընդլայնուած զբաղուածութիւն», յայտնեց նախարար Արտեմ Ասատրեան:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ աւելի քան 1,5 միլիառ դրամ յատկացնել քանի մը մարզերու՝ մշակութային, կրթական եւ մարզական ծրագիրներու գործադրութեան ի խնդիր։