
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, թեմի «Հաւատքի դեսպաններ»ը կազմակերպած են երախտագիտական աղօթք՝ ի յարգանս Հայ Օգնութեան Միութեան, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի վերապրումին, զարգացումին եւ կեանքին իրենց բերած անմոռանալի նպաստին որպէս բարձր գնահատութիւն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը պատուի պիտի արժանանայ Կիրակի, Մարտ 22ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին:
Պատմական այս առիթով տեղի պիտի ունենայ Հայ Օգնութեան Միութեան նուիրուած խաչքարի նուիրագործում եւ օծում: