ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Արեւմտեան Հոլիվուտի «Թրուպատուր» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած 7րդ տարեկան «Silence the Lies. Rock the Truth» խորագիրով համերգը, մասնակցութեամբ՝ «Քեփիթըլ Սիթիզ»էն Սեպուհ Սիմոնեանի, «Bei Ru»ի, «String Harmonies»ի, «Knoup»ի, «R-mean»ի, «Red Snow»ի, «Tu-lips»ի եւ շարք մը այլ նուագախումբերու եւ արուեստագէտներու, լուսարձակի տակ առնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի կարեւորութիւնը եւ դատապարտելու համար զայն ուրանալու ջանքերը:
Համերգին հանդիսավարներն են «Armenian Chronicles» նախաձեռնութենէն Շահան Մարտիրոսեան եւ Գայիանէ Խեչումեան, եւ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ ՀԵԴի ներկայացուցիչ մը։
Ձեռնարկը հովանաւորողներու շարքին են՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Alpha Gamma Alpha» ընկերակցութիւնը եւ նոյն համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը։
Ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀԵԴի «Երիտասարդական æոկատներ» ծրագիրին
(www.ayfyouthcorps.org/program) եւ Հայաստանի մէջ երեխաներու կենսական օժանդակութիւններ տրամադրող մարդասիրական «Օրրան» կազմակերպութեան (www.orran.am):
Համերգին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար այցելել http://silencethelies.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.