«Երկիր»ի հարցումին պատասխանելով՝ ԱԱԾ քննչական վարչութեան պետ, գնդապետ Մնացական Մարուքեանի անունով տեղեկացուած է, որ ընտանիքին հայրը՝ Եղիշէ Գէորգեանն ու անոր կինը՝ Ռուզաննա Մարդանեանը, այս գործով մեղադրեալներ են:
ԱԱԾէն յայտնած են նաեւ, որ, նախնական քննութեան տուեալներու հրապարակման անթոյլատրելիութեան հանգամանքը նկատի ունենալով, քննութեան ներկայ հանգրուանին գործի այլ տուեալներու հրապարակումը նպատակայարմար չէ:
Գէորգեաններուն ընտանիքը սահմանը հատած էր 2010ին, իսկ Հայաստան վերադարձուած 12 Դեկտեմբեր 2014ին՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ:
ԿԽՄԿ Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ յիշեալ ընտանիքը կը շարունակէ մնալ ԿԽՄԿի ուշադրութեան առարկայ։
«Հայրենադարձումից յետոյ կազմակերպութիւնն այցելութիւններ է կատարում՝ գնահատելու նրանց սոցիալական եւ առողջական վիճակն՝ անհրաժեշտութեան դէպքում հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով», «Երկիր»ին փոխանցած է ան։
Ապօրինի կերպով սահմանը հատելու վերաբերեալ յօդուածը կը նախատեսէ առաւելագոյնը երեք տարուան բանտարկութիւն։
Ի դէպ, որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Գէորգեաններուն ընտանիքը չէ վերադարձած իրենց նախկին՝ սահմանամերձ շրջանը, այլ հաստատուած է Երեւան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.