ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- 2014ին Հայաստանի մէջ հաշուըւած է աւելի քան 66 հազար անգործ: Պաշտօնապէս իբրեւ անգործ արձանագրուածներուն մեծամասնութիւնը 35-45 տարիքի միջեւ է։
Այս մասին յայտնած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Անգործներուն 50 տոկոսը ընդհանուր առմամբ ունի միջնակարգ կրթութիւն, մօտ 20 տոկոսը՝ միջին մասնագիտական, 14 տոկոսը՝ բարձրագոյն կրթութիւն:
Տարուան աւարտի դրութեամբ Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած անգործներուն շուրջ 71 առ հարիւրը կիներ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.