ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Փետրուար 5ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Արազ» պարախումբի անդամներուն եւ ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անի Այանեանի, «Մաունթ Թամալփիաս» վարժարանէն ուսուցիչներու հետ համագործակցաբար հիւրընկալ վարժարանի աշակերտներուն ծանօթացուցին հայ մշակոյթի եւ պատմութեան տարբեր երեսները։
Ընթացքին ներկայացուեցան հայկական պարեր, եղանակներ եւ հրամցուեցան հայկական ճաշեր, իսկ յետմիջօրէին, ԳԶՎի աշակերտները հինգ տարբեր աշխատանիստերու միջոցաւ ծանօթացուցին հայերէն Այբուբենը՝ ամերիկացի աշակերտներուն ցոյց տալով իրենց հայատառ անունները, ապա վերջիններս կաւով շինեցին իրենց անուններու առաջին տառի արձանիկը։
Այլ աշխատանիստի մը ընթացքին, աշակերտները Power Point-ով հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածները, գլխաւոր իրադարձութիւններն ու Ցեղասպանութեան ծալքերը ներկայացուցին, իսկ ուրիշի մը ընթացքին՝ հայկական պար սորվեցուցին։
Նաեւ, ՀՕՄի անդամ Նորա Շիրիքեան ցուցադրեց հայկական խաչքարեր, գորգեր, նկարչութեան եւ ասեղնագործութեան նմոյշներ։
Աւարտին, ԳԶՎի աշակերտները դաշնամուրի վրայ նուագելով՝ ներկայացուցին հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.