ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ռիատէն Անգարա ուղեւորութեան ընթացքին յայտնած է, թէ Սէուտական Արաբիա կ՛ուզէ, որ Թուրքիա Եգիպտոսի հետ հաշտութիւն գոյացնէ, իսկ այդ հարցը Անգարայի եւ Ռիատի միջեւ միակ տարակարծութիւնն է: Նշենք, որ Էրտողանի այցելութեան նոխորդ օրը, Ռիատ այցելած էր Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու որեւէ փորձ կատարա՞ծ է՝ Էրտողան ըսած է. «Անշուշտ անոնք կ՛ուզեն, որ Թուրքիա Եգիպտոսի հետ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաշտութիւն գոյացնէ: Անշո՛ւշտ անոնք այդ մէկը կ՛ուզեն, սակայն չեն պնդեր»:
«Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա. այս եռեակը շրջանի ամէնէն կարեւոր երկիրներէն կազմուած է: Շրջանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հարցով՝ մեր բոլորին ուսերուն պարտաւորութիւններ կան: Եթէ բոլոր երկիրները գիտակցին իրենց պարտականութեանց, ապա կը հաւատամ, որ աւելի դիւրին արդիւնքներու կը հասնինք», նշած է Էրտողան:
«Մեզի համար իսկական հարցը Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները աւելի լաւ մակարդակի բարձրացնելն է: Եգիպտոսի հարցը պէտք չէ Սէուտական Արաբիոյ հետ մեր յարաբերութեանց վրայ ազդէ», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.