ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Սահմանադրութեան յանձնախումբի նախագահ ու իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Պուրհան Քուզու, Տողու Փերինչեքը քննադատելու ընթացքին ունեցաւ հայերու նկատմամբ ատելավառ ու նախատական արտայայտութիւն մը, որ տեղի տուաւ բողոքներու։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Փերինչեք բազմանդամ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Դամասկոս գացած էր՝ ընթացք տալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաւէրին։ Փերինչեքի այս այցելութիւնը զայրոյթ պատճառած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որոնք միշտ դէմ են Ասատին։ Քուզուն մէկն էր անոնցմէ, որոնք դատապարտեցին Փերինչեքը։
Սակայն Քուզու այդ մէկը ընելու ատեն առիթը չփախցուց նաեւ հայերը նախատելու։ Ան ըսաւ. «Խումբ մը, որ ինքզինք ժողովրդավար կ՛անուանէ, առանց ամչնալու, առանց խպնելու՝ այցելութեան գնաց Պաշշար Ասատի նման ոճրագործի մը։ Պարզապէս կառավարութեան դէմ եկած ըլլալու համար, այսպիսի բան մը ընելը կարելի՞ է»։ Ան ապա աւելցուց, թէ մինչ Փերինչեք մէկ կողմէ դէմ կ՛ելլէ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներուն, «միւս կողմէ՝ այցելութիւն կու տայ Ասատի նման հայերու պաշտպան կանգնած ստորին արարածի մը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.