ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան կողմին հետ մեր քննարկումը դրական էր, կեդրոնացանք ահաբեկչութեան եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին վրայ։ Մենք կը զօրակցինք Իրանի հիւլէական թղթածրարը խաղաղ ճամբով լուծելու քայլին»։
Իշխանը ըսաւ, որ քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան ջանքերը, սակայն աւելցուց, որ «Թիքրիթը Սէուտական Արաբիոյ մտահոգութիւն պատճառող երեւոյթին հիմնական օրինակ մըն է: Իրան կը բռնագրաւէ Իրաքը»:
Ֆայսալ իշխանը նաեւ շեշտեց. «Որոշեցինք սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան աջակցիլ՝ անոր տրամադրելով հարկ եզած սպառազինութիւնն ու մարզումը»:
Քերի իր կարգին ըսաւ, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը պիտի նուազեցնէ հիւլէական զինարշաւը եւ փարատէ Ծոցի բազմաթիւ երկիրներու մտավախութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.