Պաշտամունքը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 11ին. անոր պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսի Հայ առաքելական, Աւետարանական, Եղբայրութեան եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն տիկիններ: Պաշտամունքը բաց է նաեւ հայ գաղութի բոլոր կանանց: Հարաւային Քալիֆորնիոյ Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրուան համակարգողը Մարի Ակիւլեանն է:
Այս տարուան նիւթը՝ «Գիտէ՞ք ի՛նչ ըրի ձեզի»ն՝ հիմնուած Յովհաննու Աւետարանի 13րդ Գլխու 1-7 համարներուն վրայ, ընտրուած է Պահամազի կանանց կողմէ:
Համաշխարհային Կանանց տարեկան այս աղօթքի օրուան նպատակն է ցոյց տալ, թէ աղօթքն ու գործը իրարմէ անբաժան մասնիկներ են եւ անսահման ազդեցութիւն ունին աշխարհի վրայ:
Այս պաշտամունքի մասնակցողները կը քաջալերուին ուրիշներու բեռը իրենց վրայ առնելով եւ աղօթելով անոնց համար ու անոնց հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.