ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի 40 աշակերտները, երեք հանդիսաւոր գործունէութիւններու շնորհիւ, ապրեցան յիշատակելի եւ իմաստալից օր մը:
Առաջին գործունէութիւնը նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի կարգախօսին ու խորհրդանշանին: Այս մէկը կամաւորապէս կատարեցին ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի երկու աշակերտներ՝ Մեղեդի Մանոյեան ու Արի Էքմէքճեան: Անոնք նախ ներկայացուցին «Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» կարգախօսը ու զայն մեկնաբանեցին մանուկներու հասկնալի լեզուով: Ապա տասնեակ մը սահիկներով անոնք ցոյց տուին 100ամեակի խորհրդանշանը՝ յայտարարուած «անմոռուկ» ծաղիկի չորս շերտերը եւ իւրաքանչիւր շերտին եւ գոյնին վերագրուած իմաստը:
Այս առիթով, սրահին մէջ ցուցադրուած էին նաեւ աշակերտներու կողմէ պատրաստուած «100ամեակը Եւ Անմոռուկը» նիւթով նկարներ:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով, աշակերտները սրահէն դուրս, եկեղեցւոյ խաչքարին տակ իրենց տրամադրուած հողաշերտին վրայ ցանեցին անմոռուկներ: Իսկ աւագ դասարանի աշակերտները ստանձնեցին հունտերը ամէն շաբաթ ջրելու եւ զանոնք խնամելու պատասխանատուութիւնը:
Յետմիջօրէի բաժինով, մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին Վարդանանցի գողտրիկ յայտագիր մը: Անոնք «Զրահապատ մանուկներ», «Քաջ Վարդանի թոռներ» երգով ու ոտանաւորով, մանաւանդ նաեւ իրենց «տողանցքով» խանդավառեցին բոլոր ներկաները:
Յայտագիրը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով, որ կատարուեցաւ միաբերան, բոլոր աշակերներուն եւ ծնողներուն կողմէ:
Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանը իր չորս դասարաններով կը ծառայէ Սան Կապրիէլ հովիտի 4-16 տարեկան հայորդիներուն: Դպրոցի առաքելութիւնն է արուեստի, երգի եւ բանաստեղծութեան միջոցով աշակերտներուն տալ հայեցի դաստիարակութիւն ու զանոնք կապել մայրենի լեզուին: (Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.