Շաբաթ, Փետրուար 7ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ «Ամիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծուխի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հայորդիներ, ծուխի կազմակերպութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Գործադրուեցաւ արժանավայել յայտագիր մը: Յատուկ պատիւի արժանացան եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան անդամուհիները՝ նշելով անոնց գործու-նէութեան տասնամեակը:
Բարեբաստիկ այս առիթով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընդառաջելով տէր հօր խնդրանքին՝ առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց հետեւեալները.
Երէցկին Սիլվա Յարութիւնեան, Զուարթ Միքայէլեան, Ժանէթ Տուշղունեան, Մարիամ Յովսէփեան, Հիլտա Քումրիքեան, Վերա Քամպուրեան, Սաթիկ Գրիգորեան, Անժէլ Ազիզեան, Ալմօ Տեւլէթեան (յետ մահու), Մարալ Պուրսալեան, Հելէն Չարէքեան, Լիլիըն Փօլատեան, Մարալ Սարաֆեան, Լենա Վոլթըր եւ Վերա Սողոյեան:
Սրբազանը շնորհաւորեց վերոյիշեալները, օրհնեց զիրենք եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց, շեշտելով նուիրումի եւ ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Կիրակի, Փետրուար 8ին, սրբազանը Ս. պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ: Ան, մասնակցութեամբ տէր հօր, սարկաւագներուն եւ երգչախումբին՝ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Ալէք Երկանեանը, Հրակ Չարէքեանը, Ճորճ Փափազեանը եւ Անդրանիկ Սարգիսեանը: Ան նաեւ սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագներ Ալեքս Չէրէքճեանը եւ Էնտի Սամուէլ Իլիտալօն: Սրբազանը փոխանցեց իր ոգեշունչ պատգամը, խօսեցաւ ձեռնադրութեան եւ ծառայութեան իմաստներուն մասին, շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած կիսասարկաւագները եւ սարկաւագները եւ յորդորեց, որ վերանորոգուած ուխտով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը: Սրբազանը յատուկ գնահատանքի արժանացուց նաեւ տէր հայրը, որ մեծ սիրով եւ հոգատարութեամբ կը պատրաստէ երիտասարդները, որոնք ծուխի ապագայ ղեկավարները պիտի դառնան:
Սրբազան հայրը շեշտեց Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն կարեւորութիւնը եւ օրհնեց բոլոր պատասխանատուներն ու աշակերտները:
Բացառիկ այս առիթով ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի անդամները, որոնք նոյնպէս արժանացան սրբազան հօր յատուկ ուշադրութեան եւ օրհնութեան:
Պատարագի աւարտին, «Ամիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալներ առիթն ունեցան անձամբ ողջունելու առաջնորդը եւ արժանանալու իր օրհնութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.