ՍԵՒԱՆ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ
Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Պալապանեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա բացման աղօթքով սկսաւ պաշտամունքը։ Կարդացուեցան Աստուածաշունչէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ՝ Վարդանանց հաւատքի հռչակագիրը։
Դալար Արապեան ապրումով ասմունքեց Համաստեղի «Հայու Ոգին», իսկ Գողգոթա եկեղեցւոյ արական վեցեակը երգեց Եկմալեանի «Լռեց Ամպերը» երգը, մասնակցութեամբ գաղութիս ծանօթ երգչուհի Սեդա Գիզիրեանի։
Օրուան պատգամը՝ «Ոչ Դատարկ Զոհողութիւն», հիմնուած Ա. Կորնթացիս 15, 57-58 համարներուն վրայ, մատոյց վեր. Վաչէ Էքմէքճեանը՝ հովիւ Տաունիի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ։ Պատգամաբերը ներկայացուց Վարդանանց պատերազմի պատմական արժէքը՝ ըսելով, թէ պատերազմը միջոց էր վեհ նպատակի մը հասնելու։ Հակառակ անոր, որ իբր հայեր, միջոցը՝ պատերազմը, կորսնցուցինք, սակայն հասանք մեր նպատակին՝ պահել մեր քրիստոսակեդրոն հաւատքը եւ հայրենիքը։ Ան բացատրեց, թէ հերոսութիւնը կը պահանջէ զոհողութիւն եւ մինչեւ իսկ՝ մարտիրոսութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Յիսուս Քրիստոսի զոհողութեան մէջ կը գտնենք։ «Ասկէ աւելի մեծ սէր ոչ ոք կրնայ ունենալ, որ՝ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհաննու 15.13)։
Ապա պատգամաբերը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ մենք մեր մէջ կը կրենք հաւաքական ենթագիտակցութիւն մը մեր հայկական արժէքներուն եւ ինքնութեան հանդէպ։ «Աւարայրը կը փաստէ, թէ մեր յաղթանակները չենք պարտիր մեր զօրութեան, այլ նաեւ՝ մեր Տիրոջ Հոգիի ներգործութեան», ըսաւ ան։
Պաշտամունքը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով եւ «Հայր Մեր»ով, ապա ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ «Հալաճեան» սրահին մէջ։