Շրջանէն 12 այլ վարժարաններէ աշակերտներ կը մասնակցէին նոյն մրցումին, որուն ընթացքին «Սահակ-Մեսրոպ»ի աշակերտները տպաւորիչ արդիւնքներ ապահոված են: Արդարեւ, 9 աշակերտներ իրենց մրցումը աւարտած են լաւագոյն քառեակին մէջ: Երկրորդ հանդիսացած են երեք աշակերտներ, երկրորդ հանդիսացած են չորս աշակերտներ, իսկ չորրորդ՝ երկու այլ աշակերտներ: Անոնցմէ 5ը մասնակցեցան աւարտական հանգրուանին, որուն ընթացքին, վեցերորդ կարգի աշակերտ Հայկօ Ապաճեան խլեց երկրորդութեան բաժակը։
Վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան դրուատած է աշակերտներուն սոյն իրագործումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է այս աշխատանքը համակարգած ուսուցչուհիին՝ Այլին Պահարեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.