
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, «Վարդանի Ասպետներ» կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, թէ կազմակերպած է երկրորդական վարժարանի աշակերտներու յատուկ շարադրական մրցանք մը, որուն նիւթը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ դնելու եւ անոր յուշը միշտ վառ պահելու նպատակով առնուելիք քայլերուն։
Անգլերէն շարադրութիւնները 750-800 բառ պէտք է պարունակեն եւ պէտք է ղրկուին մինչեւ Մարտ 31, april24nyc@gmail.com հասցէին։
Ներկայացուածներէն ընտրուած լաւագոյն շարադրութեան հեղինակին պիտի շնորհուի 300 տոլար մրցանակ մը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը խլողները պիտի արժանանան յաջորդաբար 200 եւ 100 տոլարի։ Նաեւ, անոնց անունները պիտի կարդացուին Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ, Ապրիլ 26ին տեղի ունենալիք Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին։