Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը «Յետադարձ ակնարկ մը, դէպի ապագայ» ընդհանուր թեմայով զեկուցական ժողովներու շարքի մը սկսաւ Արեւմտեան Ափի անդամներուն համար:
Հինգշաբթի, 15 Յունուար 2015ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ առաջին զեկուցական հանդիպումը, տեղւոյն ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին հիւրընկալութեամբ: Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կայք հաստատած աւելի քան 12 մասնաճիւղեր, Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերէն մինչեւ Տայմընտ Պարի «Արփի» մասնաճիւղը, ներկայ գտնուեցան շահեկան այս հանդիպման:
Յաջորդը՝ 24 Յունուարին, Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Պէյի տարածքն էր, ուր Շրջանային վարչութեան անդամները ամբողջ օր մը անցուցին, առաջին հերթին՝ հանդիպում մը ունենալով շրջանի «Ակնունի», «Էրեբունի» եւ «Կարին» մասնաճիւղերու վարչութեանց հետ, վերջինին հիւրընկալութեամբ: Այնուհետեւ, զեկուցական հանդիպման մասնակցեցան ակնարկուած մասնաճիւղերու անդամները:
Այլ հանգրուան մը եղաւ նաեւ Ֆրեզնօն, ուր Շրջանային վարչութիւնը եւ տեղւոյն 100ամեայ «Մայր» մասնաճիւղի անդամները, ընկերակցութեամբ «Սոֆիա» մասնաճիւղի իրենց գործակիցներուն՝ այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսի նորաբաց գրասենեակը, ուր պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան լայն բացատրութիւններ տուաւ գրասենեակի աշխատանքներուն մասին: Ապա, Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» կեդրոնը տեղի ունեցաւ նախատեսուած զեկուցական հանդիպումը:
31 Յունուարին, զեկուցական վերջին հանգրուանը Օրենճ Քաունթիի Լակունա Նիկել քաղաքն էր, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն ՀՕՄի «Գառնի» մասնաճիւղին: Այս անգամ, Օրենճ Քաունթիի «Սեւան», Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» եւ Սան Տիէկոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղերու անդամներն էին մասնակիցները:
Կիսամեայ այս հանդիպումներու կազմակերպումը նպատակ ունէր շրջանի ՀՕՄի գլխաւոր աշխատանքներուն բաժնեկից դարձնել ՀՕՄի անդամները՝ զանոնք տեղեկացնելով կատարուած նուաճումներուն, յաջողութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ իրարմէ սորվելու առիթ ստեղծելով:
Շրջանային վարչութեան համաատենապետ Մարալ Մաթոսեան, հանդիպումներուն բացումը կատարելով՝ անդրադարձաւ մասնաճիւղերու գլխաւոր աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ծրագիրներուն: Համաատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան ներկայացուց ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւններու գործունէութիւնները, Հայաստան-Արցախի, æաւախքի եւ Սուրիոյ ծրագիրները: Սաթենիկ Ղազարեան կեդրոնացաւ հանգանակային ծրագիրներուն, 14-15 Մարտին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի 5 քլմ. վազք-քայլարշաւին եւ Մարաթոնին, ինչպէս նաեւ՝ 15 Մայիսի Կալայի ձեռնարկներուն վրայ եւ ընդգծեց անոնց մասնակցելու կարեւորութիւնը: Ռիթա Հինդլեան անդրադարձաւ միութեան քարոզչութեան գծով տարուող աշխատանքներուն եւ ընկերային մամուլին: Այտա Պապայեան-Ալռայէս զեկուցեց ընդհանուր եւ առաջին երկու եռամսեակներու նիւթական իրավիճակին մասին:
Շրջանային վարչութեան 9 անդամներէն վեցը մասնակից դարձան այս շրջագայութեան, իսկ մնացեալ երեքը՝ Ճիւտի Ճինկիրեան (Սան Ֆրանսիսքօ), Ատրինէ Փոսթոյեան (Ֆրեզնօ) եւ Արաքսի Այգանեան (Օրենճ Քաունթի), մասնակից դարձան իրենց շրջաններու հանդիպումներուն: Հիւրընկալ մասնաճիւղերու ատենապետները՝ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան, Հուրիկ Այնթապլեան, Ճէյն Լանաս եւ Լինա Թիւֆէնքճեան, բարի գալուստի խօսքերով բացումը կատարեցին իրենց հիւրընկալած հանդիպումներուն:
Որքա՛ն ալ արդի միջոցներով կապ հաստատուի անդամներուն միջեւ, անհատական հանդիպումները շատ աւելի արդիւնաւէտ են բարեկամութիւն սկսելու կամ նորոգելու համար, մանաւանդ երբ անոնք նոյն տեսլականով միացած են:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, Հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ:
Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.