«Je suis Charlie կարգախօսէն շատ առաջ, մենք արդէն ունէինք նման կարգախօս մը՝ Մենք բոլորս հայ ենք, Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», ըսաւ պրն. Խանճեան, Բըրեմըսի եկեղեցասրահը լեցնող հոծ բազմութեան մը, որոնք ձմրան այդ պաղ եղանակը արհամարհած, եկած էին ներկայ ըլլալու Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած այս հանդիսութեան:
Պրն. Խանճեան եւ իր տիկինը՝ Սօնան, բախտաւորութիւնը ունեցած էին մտերմանալու Հրանդ Տինքին հետ անոր մահուընէ շատ քիչ առաջ: Այս պատճառով, անոր ներկայացուցած դասախօսութիւնը կը ներկայացնէր ոչ միայն վկայութիւններ կամ պատմական դէպքեր, այլ նաեւ անձնական յիշողութիւններ անոր հետ ունեցած իր շփումներէն: Պրն. Խանճեանի դասախօսութեան մեկնակէտերէն մին հիմնուած էր Հրանդ Տինքի մէկ պատգամին վրայ, զոր ան ներկայացուցած էր Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ՝ ընդամէնը իր նահատակութենէն երկու ամիս առաջ: Իր խօսքերուն մէջ, Հրանդ Տինք մեծ սիրով եւ երախտագիտական ոգիով յիշած էր իր կապերը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ, յատկապէս Պոլսոյ Հայ աւետարանական համայնքին պատականող՝ Թուզլայի Արմէն եւ Արմէնուհի ճամբարին մէջ իր անցուցած օրերը: Հրանդ Տինք, Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ ներկաներուն պատմած էր, թէ ինչպէս որպէս որբ տղայ, ան իր պատանեկութեան օրերը ապրած էր Կետիկ Փաշայի (Իսթանպուլ) Հայ աւետարանական եկեղեցիի ներքնայարկը գտնուող Պոլսոյ Պատանեկան տան մէջ: Պոլսոյ Պատանեկան տան ընդհանուր տնօրէնը, հանգուցեալ Հրանդ Կիւզէլեան, երազ ունէր ստեղծելու ամառնային ճամբար մը, ուր Պատանեկան տան պատսպարեալները պիտի անցընէին իրենց ամարուան արձակուրդի օրերը, վայելելու քաղաքէն դուրս բնութիւնը եւ շարունակելու իրենց Աստուածաշունչի եւ հայ մշակոյթի հետ առընչուող դասընթացքները: Եւ իսկապէս, պրն. Կիւզէլեան հիմը դրած էր Թուզլայի ճամբարին:
Հրանդ Տինք յիշած էր, թէ Թուզլա ճամբարի առաջին տարիները այսօրուան հասկացողութեամբ երազային արձակուրդի օրեր չէին եղած: Սկզբնական տարիներուն անոնք մնացած էին վրաններու տակ եւ ութ տարեկան հասակին, Հրանդ Տինք եւ իր հասակակիցները սորված էին շինարարական հմտութիւններ եւ ծանր աշխատանքով կառուցած էին այդ ճամբարը, զոր յետագային ան նկարագրած էր որպէս «դրախտավայր»: Այդ վայրը «ծովէն դուրս ձեւաւորուած մաքուր եւ նուրբ աւազով լճեզերք մըն էր… փոսերու կողքին, թուզի եւ ձիթենիի փոշոտ ծառերով», ըսած էր ան:
Թուզլա ճամբարին մէջ Հրանդ Տինք ոչ միայն աշխատած, սորված եւ խաղցած էր, այլ յետագային հանդիպած էր իր ապագայ տիկնոջ՝ Ռաքէլին, որ ճամբար եկած էր եօթ տարեկան հասակին՝ որպէս քրտացած հայ աղջնակ մը: «Մենք միասին մեծցանք, ամուսնացանք այդ ճամբարին մէջ, մեր զաւակները հոն ծնան». ըսած էր Հրանդ Տինք:
Բայց ի վերջոյ թրքական կառավարութիւնը կալանքի տակ առած էր ճամբարի տնօրէն Հրանդ Կիւզէլեանը, մեղադրելով, դատապարտելով եւ բանտարկելով զինք, որպէս թէ ան «հայ զինեալներ կը պատրաստէ» այդ ճամբարին մէջ, պատկերացում մը, որ Հրանդ Տինք ծիծաղելի կը գտնէր: «Մեզմէ ոչ ոք մեծցաւ այդ վայրին մէջ որպէս զինեալ», ըսած էր ան: Սակայն Կիւզէլեանի ձերբակալութիւնը թողած էր այդ ճամբարը առանց առաջնորդի եւ եկեղեցին առանց հովիւի: Հրանդ Տինք, ամէն Կիրակի հաւատարմօրէն բաց պահած էր Կետիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցին, ուր ան քարոզած էր բեմէն՝ որպէս ժողովուրդ ունենալով եկեղեցւոյ պահակը, կինը եւ իր երեք զաւակները:
Թրքական կառավարութիւնը շարունակած էր պնդել, թէ Թուզլայ ճամբարի սեփականատիրութիւնը հայերուն տրուած էր սխալմամբ, եւ անոր հիման վրայ երեխաները դուրս վտարած էր ճամբարէն: Իր դասախօսութեան այս բաժինը նկարագրելու համար, պրն. Խանճեան ցուցադրեց «Swallow՛s Nest» («Ծիծեռնակի Բոյնը») խորագիրով տեսաերիզ մը, արտադրութեամբ Sehbal Senyrt եւ Nedim Hazar-ի, (ազնուօրէն տրամադրուած տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի կողմէ), ուր կը ներկայացուէր Հրանդ Տինքը ճամբարի փլատակներուն մէջ՝ վայր մը, որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան եղած էր անոր «դրախտավայր»ը: Մինչ ան կը շրջի ճամբարի փլատակներուն մէջ, կը յիշէ պարտադրուած անարդարութիւնը, ճամբարին գրաւումը: Այդ փորձառութիւնը իր մէջ կ՛արմատացնէ ընկերային անարդարութեան զգացողութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն կազմող համայնքներու հանդէպ:
Որպէս լրագիր իր կատարած յանդուգն արտայայտութիւններուն համար, Հրանդ Տինք ի վերջոյ մեղադրուած էր Թուրքիոյ պետութեան կողմէ տխրահռչակ 301 յօդուածի խախտման ամբաստանութեամբ, ըստ որուն՝ թուրքերը արհամարհելը ոճիր մըն էր: Հրանդ Տինք ենթարկուած էր պայմանական ազատազրկումի: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ թէեւ բանտարկութեան ենթարկուած չէր, սակայն այդ մեղադրանքը կը դասէր զինք որպէս «նշուած» մարդ: Տինք շարունակեց մնալ Թուրքիա, առ ի յարգանք այն հազարաւոր հայորդիներուն, որոնք իր կողքին եղած էին եւ իրեն աջակցած, բայց գիտակից՝ թէ ինք կ՛ապրէր աղաւնիի մը պէս, «համակուած այն ամէն ինչով, որ տեղի կ՛ունենար իր աջին, ձախին, ետեւ եւ առջեւ: Գլուխը միշտ շարժումի մէջ… արագօրէն մէկ կողմէն միւսը դարձող»:
Հրանդ Տինք շարունակած էր՝ ըսելով. «Ես զիս կը տեսնեմ մտահոգ աղաւնիի մը նման, բայց ես գիտեմ, որ այդ երկրին մէջ մարդիկ չեն դիպչիր աղաւնիներուն: Աղաւնիներ կրնան ապրիլ քաղաքներու մէջ, նոյնիսկ խճողումի մէջ: Թերեւս քիչ մը վախցած՝ բայց ազատ»:
Դժբախտաբար Հրանդ Տինք արժանի չեղաւ այդ ազատութեան եւ 2007 Յունուարի 9ին, երբ ան դուրս կու գար իր գրասենեակէն, 17ամեայ Օկուն Սամասթը ահաբեկեց զինք՝ պատճառ դառնալով անոր մահուան: Ապագայի յետաքննութիւնները պարզեցին, որ Սամասթ իր արարքը գործած էր այսպէս կոչուած «Խոր Պետութիւն» համակարգի անդամներու հրամանով, որոնք ծայրայեղ ազգայնականներ էին: Գաղտնիք չէ այլեւս, թէ այս համակարգին մէջ կան նաեւ պետական անձնաւորութիւններ եւ իրաւապահներ:
Վերյիշելով Հրանդ Տինքի կեանքը, Զ. Խանճեան ընդգծեց այն արժէքները, որոնց համար ապրած էր Տինք: Անոնց մէջ ընդգրկուած էին քրիստոնէական հաւատքը, զոր ան ընկալած էր Հայ աւետարանական եկեղեցիէն, Պոլսոյ Պատանեկան տունէն եւ Թուզլա ճամբարէն, ինչպէս նաեւ՝ անխախտ մնացած քաղաքացիական իրաւունքները այն բոլոր մարդկանց, որոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ: Տինք համոզումով պնդեց, թէ ինք թէեւ թուրք քաղաքացի մըն էր, բայց եւ հայ էր, եւ ո՛չ թուրք: Ասոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ յանձնառութիւնը խօսքի ազատութեան՝ ուժեղ հաւատք մը արդարեւ, ուր Հրանդ Տինք նոյնիսկ հակադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրէնքին:
Պրն. Խանճեան իր դասախօսութիւնը աւարտեց դրական լարով մը՝ կանխատեսելով, թէ ճշմարտութեան դէմ պայքարող բոլոր ուժերը ի վերջոյ պիտի յաղթահարուին, յոյս ներշնչելով, որ արդարութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.