Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Պաղեստինեան իշխանութեան նախարար Մահմուտ Ապպասը «խաղաղութեան հոլովոյթին առջեւ արգելք մը» նկատած է: Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպաններուն ընդհանուր ժողովին ընթացքին ան նշած է, որ Իսրայէլ անցեալ տարի մեծ ջանքեր թափած է խաղաղութեան հասնելու համար, սակայն Ապպաս ինքն է, որ այդ ջանքերը ձախողութեան մատնած է։ «Աւելի՛ն, ան Իսրայէլի դէմ քաղաքական ահաբեկչութիւնը կը ղեկավարէ, ուստի՝ պէտք է ձերբազատիլ անկէ եւ զինք քաղաքական կեանքէն հեռացնել», ըսած է Լիպըրման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.