Լողօղլու ըսած է, որ հարիւրամեակին առիթով Թուրքիա եթէ չկարենայ ճիշդ մերձեցումներ ցոյց տալ, ապա ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ լուրջ նեղութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնայ։
«Այնպէս կը թուի, թէ իշխող կուսակցութիւնը մերժումի դիրքին մէջ կը գտնուի։ Անգամ մը փորձեց՝ «Ո՛չ, ցեղասպանութիւն չէ եղած» ըսելով ինքնապաշտպանութեան դիմել, սակայն ուժեղ հակազդեցութիւններու դիմաց նահանջեց։ Մինչդեռ հորիզոնին վրայ շատ լուրջ վտանգներ կը սպասեն Թուրքիոյ, որովհետեւ հայկական կողմը, որ անքակտելի կերպով կապուած է Ցեղասպանութեան պնդումին, համաշխարհային չափով աշխատանք կը տանի։ Մեծ կամ փոքր հայկական հաւաքականութիւններ իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ կը ջանան քաղաքական, իրաւական եւ ընկերային գետիններու վրայ ընդունելի դարձնել Ցեղասպանութիւնը։ Տարիներէ ի վեր տարուած այս աշխատանքը հիմա՝ 2015ին, այլեւս անկիւնադարձ մը պիտի դառնայ։ Հայերը մինչեւ այսօր որոշ յաջողութիւններ ձեռք բերած են։ Նախ՝ Ուրուկուէյի խորհրդարանը, ապա աւելի քան 20 երկիրներու ազգային խորհրդարաններ եւ տակաւին հարիւրաւոր շրջանային վարչական խորհրդարաններ ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ նման երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքներ ստորագրուած են։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձաններ բացուած են, ժապաւէններ պատրաստուած, գիրքեր հրատարակուած ու բազմաթիւ ձեռնարկներ իրականացած են։ Անկասկած, մինչեւ 24 Ապրիլ 2015, այս գործունէութիւնները ա՛լ աւելի պիտի սաստկանան», ըսած է ան։
Ըստ երեսփոխանին՝ Եւրոմիութեան կողմէ ընդունուած որոշումը, որ կը պախարակէ ցեղապաշտութիւնը եւ օտարներու նկատմամբ թշնամութիւնը, ազդու դեր պիտի կատարէ այս ժամանակաշրջանին։ Բայց, Լողօղլուի համաձայն՝ բոլոր այս ժխտական զարգացումներուն մէջ ամէնէն մտահոգիչն է ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ այս մասին որոշում մը ընդունելու հաւանականութիւնը։
«Իշխող կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան պատճառած փլուզումին հետեւանքով, Ամերիկայի մէջ ներկայիս բոլոր քարերը հայերուն ի նպաստ շարուած են։ Իշխանութեան գլուխը կայ նախագահ մը, որ թեկնածութեան շրջանին արդէն իսկ ընդունած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ որ Թուրքիա գալու ընթացքին իսկ հաստատեց իր այդ տեսութիւնը։ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրներուն մէջ Ամերիկայի հայ համայնքը ծանր ճնշում կը գործադրէ։ Մինչեւ այսօր եթէ Քոնկրեսը Ցեղասպանութեան որոշում չէ ընդունած, պատճառը այն չէ, որ քուէի անբաւարարութիւն կար, այլ՝ այն, որ Ամերիկայի գործադիր իշխանութիւնները Քոնկրեսը համոզած էին, թէ այսպիսի ճանաչում մը Ամերիկայի ազգային շահերուն վնաս կը պատճառէ։ Ազգային շահերու այս խաղաքարտը այս անգամ կրնայ այլեւս չգործածուիլ, այլ խօսքով՝ 2015ին նախագահ Պարաք Օպամայի համար դժուար պիտի ըլլայ Քոնկրեսը տարհամոզել։ Որովհետեւ Քոնկրեսը, բացի հայկական ճնշումներէն, մնացած է նաեւ հրէական ուժեղ լոպիի մը ազդեցութեան տակ, քանի որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւներու ժխտական դիրքին հետեւանքով՝ Իսրայէլ այլեւս Թուրքիոյ կողքին չէ։ Նաեւ, «Իսլամական պետութեան» առնչութեամբ եղած լրատուութիւնները Թուրքիոյ դէմ վատ տպաւորութիւն ստեղծած են Քոնկրեսին մօտ», շեշտած է Լողօղլու։
Ըստ անոր՝ Ամերիկայի դատարանները մինչեւ հիմա հայերուն կողմէ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատերը մերժած են՝ նկատի առնելով անոնց քաղաքական երեսը։
«Բայց եթէ Քոնկրեսը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այն ատեն դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ մեծ թիւով դատեր կրնան բացուիլ եւ Թուրքիոյ դէմ որոշումներ ընդունուիլ», աւելցուցած է Լողօղլու, որուն համար կարեւոր կէտ մըն ալ Էրտողանի կողմէ 1915ի մասին յայտնուած ցաւակցութեան խնդիրն է։ «Եթէ Թուրքիա կարծեց, որ այսպիսի ցաւակցութիւն մը այս խնդիրը պիտի փակէ, ապա լրջօրէն սխալեցաւ։ Պատահարները ցոյց կու տան, որ այս խնդիրը չի փակուիր միայն ներողութիւն խնդրելով։ Հայերը, Թուրքիոյ կողմէ յայտնուած այս ցաւակցութիւնը իրենց գրպանը դնելէ ետք՝ բարձրաձայն պիտի սկսին խօսելու հատուցումներու եւ սեփականատիրութեան պնդումներու մասին», նշած է երեսփոխանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.