
Նիսի եւ շրջանի կրօնական ընկերակցութեան թելադրանքով, 9 Յունուարին, Նիսի Միջերկրականի համալսարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ՝ նուիրուած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի դստեր՝ Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակի ծննդեան 100ամեակին:
Քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզի իր խօսքին մէջ ընդգծեց Շամիրամին փարումը իր հօրը յիշատակին, անոր ըրած բարեսիրութիւնները եւ Նիս քաղաքի շքանշանը յանձնեց անոր: Ապա յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ Յոհաննէս Չիլինկիրեանին՝ Ռուբէն Սեւակի յիշատակին անոր տարած մեծ աշխատանքին համար:
Նիսի եւ շրջանի կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Արթօ Օգսայեան շնորհաւորեց Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակին տարեդարձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Էսթրոզիին:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակ: Ան իր յուզմունքը յայտնեց, որ իր հօր՝ Ռուբէն Սեւակի նման հարիւր տարի վերջ դարձեալ միտքի եւ գրիչի ազատութեան համար մարդիկ կը զոհուին: