Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անճելինա Էխհորեսթ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ մարմինին կողմէ իրեն ուղարկուած գրքոյկին, որ կը վերաբերէր Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-համալիրի ականահարման:
Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր նամակին մէջ ցաւ կը յայտնէ Սեպտեմբեր 2014ին Սրբոց Նահատակաց համալիրին ականահարման ու քանդումին համար եւ կը գրէ. «Եւրոպական Միութիւնը այն հաստատ համոզումը ունի, որ համայնքներու սրբատեղիներուն եւ պաշտամունքի վայրերուն դէմ յարձակումները երբեք կարելի չէ արդարացնել՝ ո՛չ կրօնական, ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ այլ հիմնաւորումներով: Այսպիսի յարձակումներ խախտում մըն են կրօնի ազատութեան, ինչպէս նաեւ՝ այլ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու»:
Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր նամակի վերջաւորութեան կը գրէ. «Ես գիտակից եմ, որ 2015ը հայ համայնքին համար պիտի ունենայ յատուկ կարեւորութիւն մը, եւ ձեր բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ այս տարուան ընթացքին ձեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.