ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարելու եւ խօսելու հիմնարկի աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին: Հանդիպման ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան:
Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկը Հայաստանի իր կեդրոնին մէջ ունի շուրջ 15 աշխատողներ, որոնց կողքին կան բազմահազար կամաւորներ: Հիմնարկը, ինչպէս ծանօթ է, միայն իր սեփական ճիգերուն ու ժողովուրդի աջակցութեան ճամբով բժշկական խնամք ու դարման կը տրամադրէ հազուադէպ ու դժուար բուժելի հիւանդութիւններով տառապողներու, որոնց թիւը եւս, դժբախտաբար, վերելք կ՛արձանագրէ տարուէ տարի: Հիմնարկը այս տարի եւս կը ծրագրէ կազմակերպել հանգանակային մէկէ աւելի ձեռնարկներ, ինչպէս՝ քայլարշաւ: «Նոր տարուան սկզբնաւորութեան, ինչպէս ամէն տարի, անհրաժեշտ կը նկատենք մեր եկեղեցւոյ զօրակցութիւնն ու առաջնորդ սրբազանի օրհնութիւնը», ըսաւ տոքթ. Ֆ. Ճորտըն։ Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկին իւրայատուկ աշխատանքին մասին, որուն շնորհիւ կեանքեր կը փրկուին. ան նաեւ դրուատեց անձնդիր ու կամաւոր ծառայողները եւ վերահաստատեց Ազգ. առաջնորդարանի զօրակցութիւնը՝ անոր մարդասիրական գործին: Յետ խորհրդակցութեանց, որոշուեցաւ, որ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդ Կիրակի օրը՝ Նոր Կիրակիին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուի այս հիմնարկի խնամքէն օգտուողներուն ու ծառայողներուն համար, իսկ հիմնարկի ներկայացուցիչները եկեղեցիներու շրջափակը լուսաբանական ծառայութիւն մատուցեն մեր ժողովուրդին:
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը հիւր ներկայացուցիչներուն նուիրեց իր հեղինակած «A Collection of Spiritual Reflections» անգլերէն հատորէն օրինակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.