ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Վերոնշեալ խորագիրն էր այն դասախօսութեան նիւթը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Յունուարին, Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ։ Դասախօսական երեկոն կազմակերպուած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, իսկ դասախօսն էր Թորոնթոյէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող վերապատուելի Եսայի Սարմազեանը։
Իսկապէս ուրախառիթ եւ քաջալերական երեւոյթ էր, որ մշակութային յայտագիրին կը մասնակցէին ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի աշակերտուհիները, ղեկավարութեամբ իրենց հայերէնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանի։ Ներկայ էր նաեւ նոյն վարժարանի տնօրէնուհին՝ դոկտ. Արմինէ Մովսիսեանը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ ասմունքով եւ երաժշտութեամբ։ Սարին Բամբալեան ներկայացուց Գեղամ Սարեանի «Դէպի Կարափնարան» բանաստեղծութիւնը, որուն սրինգի վրայ կ՛ընկերակցէր Մարալ Քիւրտեան՝ «Մարտիկի երգ»ով։ Խորհրդաւոր էր պահը եւ ազդեցիկ՝ սրահի կիսամութ մթնոլորտին մէջ։
Ապա բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մեր ալեհեր բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի ներկայութեան առթիւ եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ վեր. Եսայի Սարմազեանը։
Վերապատուելի Սարմազեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա։ Ան իր պսակաւոր արուեստից տիտղոսը ստացած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճէն (այժմ՝ համալսարան), իսկ մագիստրոսի տիտղոսը՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն։ Անոր հովուական ծառայութիւնը կ՛ընդգրկէ գրեթէ կէս դար՝ սկսած Հալէպէն, ապա Զահլէ, Պէյրութ եւ Թորոնթօ։ Այժմ ան հանգստեան կոչուած է։
Վերապատուելի Սարմազեան քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը վերակոչեց Հրանդ Տինքի հետքերով, որովհետեւ այդ օրը կը զուգադիպէր Տինքի նահատակութեան 8րդ տարելիցին։ Արդարեւ, չարագուշակ այդ օրը, «Ակօս»ի իր գրասենեակի մուտքին, Հրանդ Տինք զոհը գնաց անմիտ թուրքի մը գնդակին։
Վերապատուելի Սարմազեան հանդիպած էր Հրանդ Տինքին, Պոլսոյ մօտակայ Թուզլա քաղաքի «Արմէն» ճամբարին մէջ, երբ Տինք տակաւին պատանի էր։ Յարգելի բանախօսը արդարօրէն դիտել տուաւ, որ Տինք զոհը գնաց Թուրքիոյ սահմանադրութեան 301րդ յօդուածին, որ խստօրէն կը դատապարտէր Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ վատօրէն արտայայտուող ոեւէ անհատ։ «Իսկ Հրանդ Տինք կը հաւատար, նշեց վերապատուելին, որ ձուկը գլուխէն կը հոտի եւ անհրաժեշտ է պոչէն սկսիլ։ Այսինքն՝ թուրք թէ օտար կառավարութիւններէն պէտք չէ յուսալ որեւէ լուծում մեր Դատին կապակցութեամբ, այլ պէտք է մեր Դատը ժողովուրդի մակարդակին իջեցնել։ Մէկ խօսքով՝ մեր Դատը պէտք է առաջին հերթին ծանօթացնենք խնդրոյ առարկայ թուրք կառավարութեան արմատներուն՝ պարզ ժաղովուրդին։ Եւ այսօր մենք, բարեբախտաբար, ականատես ենք այդ երեւոյթին, երբ տասնեակ մտաւորականներ, արթնցած իրենց խոր քունէն՝ կը դատապարտեն թուրք կառավարութիւնը եւ կ՛արտայայտուին ի նպաստ մեր իրաւունքներուն, որոնց յառաջագոյնն է Ցեղասպանութեան ճանաչումը», շարունակեց յարգելի բանախօսը։
Տաղանդաշատ պատանուհի Մարալ Քիւրտեան դարձեալ բեմ բարձրացաւ եւ այս անգամ մեզի ներկայացուց Կոմիտասի մշակած «Տլէ Եաման»ն ու «Կռունկ»ը, դիւթելով հանդիսատեսները իր ձայնով։ Ապա Մեղեդի Մանոյեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը»՝ աւարտելով օրուան գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրը։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան։ Ան բնաբան ընտրած էր Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ցեղասպանութեան 100ամեակի լօզունգը՝ «Յարգել Անցեալը, Ճանչնալ Ներկան եւ Կերտել Ապագան»։ Տէր Սարգիս դիտել տուաւ, որ մենք պէտք է կարենանք անցեալը ներկային միջոցաւ փոխանցել ապագային, ապա թէ ոչ՝ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը։ Ասոր համար, ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է թրծել մեր նոր սերունդը ազգային ոգիով, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ անցեալը ապագային կապող շղթային էական օղակը։ Ապա, ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ձեռնարկին ուսանողներու մասնակցութեան համար։
Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ հանդիսատեսները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու յարգելի բանախօսին, որ գոհացում տուաւ իրենց զանազան հարցումներուն։
(Թղթակցութիւնը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն)